«Ռոյթըրզ»ը կը տեղեկացնէ, թէ 19 Դեկտեմբերին, Լոնտոնի մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան մեծ խոչընդոտներ չի տեսներ դրացի Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար եւ կը կարծէ, թէ սահմաններու որոշման հարցը կրնայ առանձինն լուծուիլ։
«35 տարի տեւած հակամարտութիւնը այժմ աւարտած է: Հիմա Ատրպէյճանի ռազմավարութիւնը խաղաղութեան հասնիլն է, որ կը պահանջէ երկու կողմերու գործողութիւնը: Խաղաղութեան համաձայնագիրը հրթիռներու գիտութիւն չէ: Ատրպէյճանի համար այլեւս խոչընդոտներ չկան խաղաղութեան օրակարգի ճամբուն վրայ», յայտնեց Հաճիեւ։
Ան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք, Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը պիտի ապահովուի: «Մենք այլեւս մենք մեզի չենք արտօներ իրաւական անորոշութեան կարգավիճակ», յայտարարեց ան՝ միաժամանակ նշելով, որ փոխադարձ իրաւունքներ պէտք է ապահովուին 1988էն Հայաստանէն հեռացած ատրպէյճանցիներուն համար: