Երկուշաբթի օր, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող 11 պետութիւններ, ներառեալ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, միացած են այսպէս կոչուած «Մակնիցքիի եւրոպական ցանկ»ը մէկ տարիով երկարաձգելու (մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2024)՝ Եւրոպական խորհուրդի որոշումին։
«Մակնիցքիի օրէնք»ը, որուն նմանը վաւերացուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ սահմանել իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիի մը եւ կառավարութեան ներկայացուցիչի մը հանդէպ՝ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներու, կաշառակերութեան, խոշտանգումներու, սպանութեան կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու համար։
Սակայն, Երեքշաբթի օր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեան յայտնեց, թէ Հայաստան չէ միացած նշեալ որոշումին՝ աւելցնելով. «Ելնելով արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններից եւ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան շրջանակներում՝ Հայաստան դիտարկում եւ յաճախ միանում է Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւններին՝ ցուցաբերելով իր աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը դրանցում արծարծուող հարցերի վերաբերեալ»։
Աւելի ուշ, Պորելի յայտարարութիւնը խմբագրուեցաւ եւ անկէ դուրս հանուեցան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի անունները։
Նշենք, որ Պրիւքսէլի պատժամիջոնցերու ցանկին վրայ կան Ռուսիա, Իրան, Չինաստան, Հիւսիսային Քորէա, Սուրիա եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու, ապահովական ուժերու եւ ընկերութիւններու ղեկավարներ, որոնց Եւրոպական Միութիւն մուտքը կ՛արգիլուի եւ գումարները կը սառեցուին Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ: