Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանին ստիպեց 16,000 եուրօ վճարել 2016ին սպաննուած երեք հայ զինուորներուն հարազատներուն: Ատրպէյճան նաեւ պարտաւորուեցաւ վճարել 2780 եուրօ՝ ծախսերու եւ հարկերու համար:
Դիմում կատարողները Հայաստանի տասը քաղաքացիներ են, որոնք ծնած են 1959-1998 թուականներուն եւ կը բնակին Երեւանի եւ Ստեփանաւանի մէջ:
Անոնք ծնողները եւ/կամ քոյրերն են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուու զինուորներ Էդգար Նարայեանի, Էրիկ Աբովեանի եւ Շաւարշ Մելիքեանի, որոնք 29 Դեկտեմբեր 2016ին սպաննուեցան Բիթլիսի մարտական դիրքի մերձակայքը ծառայութիւն կատարելու ընթացքին, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին մէջ:
Փաստին առթիւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ, 29 Դեկտեմբեր 2016ին յարուցուեցաւ քրէական գործ մը: Նոյն օրը քննիչը հետախուզեց դէպքին վայրը եւ կազմեց արձանագրութիւն: Հետաքննութեան ընթացքին գտնուեցան յաւելեալ ապացոյցներ, մասնաւորաբար` վկաներու ցուցմունքներ եւ դատաբժշկական եզրակացութիւններ:
Այդ ապացոյցներուն հիման վրայ, Հայաստանի քննչական մարմինները պարզեցին, որ նշեալ օրուան առաւօտուն, Ատրպէյճանի բանակի զինուորներ Չինգիզ Կուրպանով հատած է Հայաստանի տարածքի սահմանը, ուղղուած դէպի Բիթլիս եւ կրակած երեք զինուորներուն վրայ:
Հիմնուելով 2 (կեանքի իրաւունք), 13 (արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունք) եւ 14 (արգիլում) յօդուածներուն վրայ (խտրականութիւն)՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին, դիմում կատարողները բողոքեցին, որ իրենց հարազատները սպաննուած են` նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ զինուած բախում չէր եղած, եւ որ անոնք խտրականութեան ենթարկուած են իրենց ցեղային եւ ազգային պատկանելութեան պատճառով, նաեւ Ատրպէյճան ձախողեցաւ սպանութիւններուն արդիւնաւէտ հետաքննութիւն իրականացնել: