
Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրանքներուն ականջալուր՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը պարբերաբար զօրակցական ձեռք կ՛երկարէ Միջին Արեւելքի գաղութներուն, ընդ որում՝ Բերիոյ Հայոց թեմի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան:
Այս ծիրին մէջ, սրտի թարգմանը հանդիսանալով Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի՝ Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի եւ շրջանի պատկան մարմիններու, Բերիոյ Հայոց թեմէն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի կէսօրին, քաղաքավարական եւ շնորհակալական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ եւ տօնական օրերուն առիթով անոր փոխանցեց Բերիոյ Հայոց թեմի բոլոր միաւորներուն եւ իր անձնական ջերմ բարեմաղթութիւնները՝ միաժամանակ խնդրելով, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը շարունակէ դառնալ աջակից ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս՝ Բերիոյ Հայոց թեմին:
Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբեանին՝ այցելութեան գծով, ապա, յանուն թեմի գործադիր զոյգ իշխանութիւններուն՝ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին ու անձնապէս, ան խոստացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրանքը շարունակել ընդունիլ իբրեւ հրահանգ, անոր միախառնելով Բերիոյ Հայոց թեմի խնդիրքը, որոնց փոխանցողն էր յարգարժան այցելուն:
Յայտնենք, որ ընթացիկ տարուան տեւողութեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը՝ իբրեւ կառոյց եւ անհատ բարերարներ, որոնց շարքին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ի պատիւ իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, զանազան առիթներով նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցոյց տուած եւ յատկացումներ կատարած էր Բերիոյ Հայոց թեմին, մասնաւորաբար՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին: