Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն ընթացքի մէջ է երկյարկանի եւ 50,820 քառակուսի ոտք տարածութիւն ունեցող թանգարանին պողպատեայ ենթակառոյցին կառուցումը։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան անիւնադարձային քայլ մը համարէ կառուցման այս հանգրուանը, որ ապագայ շէնքին ողնասիւնը մէջտեղ պիտի բերէ։
Թանգարանը կը կառուցուի PNG Builders ընկերութեան կողմէ, որ պողպատեայ ենթակառոյցին կառուցումը վստահած է Muhlhauser Steel ընկերութեան։

Նշենք, որ արդէն իսկ ամբողջացան են թանգարանին հիմը եւ կանգառին կառուցումը։
Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցող Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: