Փարիզի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-ֆրանսա ռազմաքաղաքական երկկողմ խորհրդակցութիւններ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր, նաեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր եւ ձեռք բերուեցան շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:
Նախարարութիւնը այլմանրամասնութիւններ չհաղորդեց, միայն նշուեց, որ հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան, իսկ ֆրանսական կողմէ խորհրդակցութիւնները վարեց Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան տեսչութեան տնօրէն Ալիս Ռուֆօ: