ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Խրիմի Թէոդոսիա շրջանին մէջ 14րդ դարուն կառուցուած հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր կը հանգչի գեղանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի աճիւնը, վնասներ կրած է քաղաքի նաւահանգիստին վրայ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրթիռային յարձակման պատճառով։ Լուրը կը հաղորդէ Խրիմի ազգամիջեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Զաուր Սմիրնով։
Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 1330ին եւ կը համարուի Թէոդոսիոյ ամէնէն հին հայկական տաճարը։
