Խ. Ճ.
Այս տօնական օրերուն, Ամերիկայի մէջ լոյս տեսաւ Forever Light Houses խորագիրը կրող գիրքը: Հատորը կը հանդիսանայ Սեդա Մարտիրեան Եանիկեանի երկրորդ գիրքը:
Հեղինակը ծնած է Պէյրութ: Ան յաճախած է ՀԲԸՄի Երուանդ Տէմիրճեան նախակրթարանը, ապա նոյն միութեան Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանը, որմէ ետք՝ Լիբանանի Աղջկանց Անգլիական համալսարանը:
Մեղրահամ անգլերէնով եւ հեզասահ ոճով գրուած այս հատորը հեղինակը կը ձօնէ իր սիրելի ամուսնոյն՝ ճարտարագէտ՝ Արշակ Եանիկեանին եւ զաւակներուն՝ Տիրանին, Աւետիսին եւ Պետիկին:
Գիրքը կը բովանդակէ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ եղած իր ծննդավայրէն՝ Անտիոքէն, թրքական բանակին մէջ ծառայութեան համար շուրջ հինգ տարիներ ընտանիքէն հեռացած «Միհրան աղա» երեւակայական տիպարի կենսագրութիւնը: հեղինակը շատ գեղեցիկ ձեւով կերտած է սոյն տիպարը. ընտանիքէն եւ ծննդավայրէն հեռացած այս երիտասարդը վերջապէս կը միանայ իր հարազատներուն եւ ընտանիքի անդամներուն:
Այս գիրքով «Միհրան աղա» երեւակայական տիպարը մեծ յուզումով զաւակներուն կը պատմէ, թէ Մեծ Եղեռնին ընթացքին իրենց ծննդավայրէն հեռացած եւ տեղահանուած հայերը ինչպիսի մեծ նպաստ բերած են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, հանդիսանալով այդ երկիրներու «Յաւերժութեան Լոյսերը»:
Գիրքը կը վերջանայ Պարոյր Սեւակիի՝ «Մենք քիչ ենք, բայց մեզ հայ են կոչում» բանաստեղծութեամբ:
Սոյն գիրքին գինեձօնը մօտիկ օրերէն տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայերու միութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ գիրքին մասին գրախօսական մը պիտի հրատարակուի:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տիկին Մարտիրեան Եանիկեանը՝ այս հատորին հրատարակման առիթով: Վստահ ենք, որ անգլիախօս մեր նորահաս հայ սերունդը այս գիրքը կարդալով՝ սրտազեղ եւ պոռթկացող հպարտութեամբ պիտի լեցուի:
Վարձքը կատա՛ր տիկին Մարտիրեան Եանիկեանին, մաղթելով՝ նոր հրատարակութիւններ եւ գիրքեր: