«Արի «Արարատ» Հուպ Տուր…»
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Այս տղաքը պատանեկան տարիներուն իմ հերոսներէն էին։ Վերջապէս՝ իւրաքանչիւր պատանի-երիտասարդ կ՛ուզէ ունենալ հերոսներ, որոնք կու տան ներշնչում։ «Արարատ 73»ի տղաքը, այս իմաստով, իմ հերոսներէն էին։ Եթէ անոնք մասամբ հերոս էին իրենց ֆութպոլի մեծ տաղանդին եւ կարողականութիւններուն համար, անոնք նաեւ աւելին էին։ Անոնք դարձած էին ինծի համար հերոսներ, որոնք իմ պատանեկան տարիներուս մէջ սրսկեցին ազգայինի գիտակցութիւնը՝ բայց նոյնքան նաեւ՝ հպարտութիւն։
Հպարտութիւնը հայուն, հայրենիքին եւ անոր մշակոյթին նկատմամբ։ Եթէ մէկ կողմէ կը քաջալերուէի, երբ Պէյրութ կու գային, բախատաւոր է նաեւ, որ առիթը ունեցայ իրենց մրցումներուն ներկայ ըլլալու Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտի մէջ։ Եւ հոն՝ ես ալ, հայրենի ժողովուրդին հետ կը միանայի, քաջալերական բացականչութիւններուն՝ «Արի Արարատ հուպ տուր»։
Եւ այս տղաքը տարիներու վրայ երկարած «հուպ տուին»։ Եթէ «հուպ»երուն կը յաջորդէին կօլերը, բայց անոնք նաեւ իւրաքանչիւր կօլին հետ իմ կեանքիս մէջ կը դնէին եւ կ՛աւելցնէին նոր հունտ մը եւս՝ ազգային ինքնութեան եւ անոր հպարտութեանը մէջէն։
Այս հերոս՝« լեգենդար» տղոցմէ մի քանիները արդէն մեկնեցան իրենց երկրային կեանքէն։ Բայց լսելի է տակաւին իմ-մեր քաջալերական բացականչութիւնները՝ «Արի Արարատ հուպ տուր…»։
Եթէ «Արարատ 73»ի այս հերոս տղաքը, այսօր, «Հրազդան»ի եւ այլ մարզադաշտերու մէջ չեն՝ բայց անոնք կը յիշեցնեն մեզի, թէ «հուպ տալ»է չեն դադրած…։ Բայց մանաւանդ կը յիշեցնեն, թէ մենք բոլորս, որպէս հայ ժողովուրդ, պէտք է «հուպ տանք»։ «Հուպ տանք» մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային ու հայրենի կեանքերուն մէջ նոր «կօլեր» նշանակելու համար։ «Հուպ տանք» նոր ոստումի, նոր կամքի եւ նոր յոյսի եւ նոր ու նորոգուած «հուպ»երու։ «Հուպ»եր, որ պիտի նորոգեն եւ վերանորոգեն, շինեն ու վերաշինեն հայը։ Նոր Հայը…։
Քրիստոսի ծնունդը կ՛իմաստաւորուի ճիշդ այս իրականութեանը մէջէն։ Յիսուս աշխարհ եկաւ «Նոր Կեանք» ը պարգեւելու համար մարդկութեան, նաեւ՝ հայուն։ Ան աշխարհ եկաւ եւ իր ստեղծած նոր կեանքով՝ նոր «հուպ» տուաւ եւ կը շարունակէ տալ մարդկութեանը։ «Հուպ» մը, որ կու տայ արժէք։ Արժէքը կեանքի, հայրենիքի եւ մարդուն։ Արժէքը հայուն եւ անոր ապրելու գրաւականին։
2023ը մեզի՝ հայուն համար եղաւ շատ ԴԺՈՒԱՐ։ Տարի մը անցուցինք, ուր տեսանք զրկանք, մահ եւ կորսնցուցինք հայրենիքէն մաս մը ու արժէք։ Վիրաւոր վիճակի մէջ ենք՝ հոգիով, սրտով, արժանապատուութեամբ եւ մեր հպարտութիւնը ճզմուած։ Պիտի մնա՞նք այս «դժուար» վիճակին մէջ՝ թէ պիտի ուզենք նոր «հուպ» տալ մեր կեանքերուն։
«Արարատ 73»ի հերոս տղաքը մեզի սորվեցուցին, թէ արժէ հաւատալ «հուպ»երուն եւ անոր ստեղծած արժէքներուն։ Արժէ որ շարունակենք սորվիլ եւ հաւատալ, թէ կրնանք նոր «հուպ» տալ մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքերուն։
«Արի Արարատ հուպ տուր»։
Բայց անպայմանօրէն՝ «Արի հայ ժողովուրդ հուպ տուր»։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզի եւ մեր բոլորին մեծ Աւետիս։ Եւ Աւետիսը՝Քրիստոսի նոր կեանքի շնորհած «հուպ»ն է։ Այն, որ բոլորս դուրս կրնայ հանել մեր դժուար օրերուն մէջէն։
Արի բոլորս՝ հայեր՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք՝ «հուպ տանք»։
Եւ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ շինենք։ Հայուն Նոր Կեանքը…։