
Հայերը տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ Ամանորը անուանած են՝ Նոր տարի, Նաւասարդ, Տարեգլուխ, Տարեմուտ եւ Կաղանդ:
Տոմարի զարգացման փուլին, տարեսկիզբ համարուած է Նաւասարդ ամսուան Արեգ օրը, որ կը համապատասխանէ ներկայ տոմարի 11 Օգոստոսին եւ կոչուած է Ամանոր կամ Նաւասարդ: Ըստ աւանդութեան՝ այդ օրը, Հայկ նահապետ մենամարտած եւ յաղթած է Բէլին: Նաւասարդը համընկնելով բերքահաւաքին հետ՝ կը վերածուէր բերքի եւ բարիքի իսկական տօնի: Մշակները սեղանին վրայ կը տեղադրէին իրենց առաջին բերքը, իսկ տանտիրուհիները՝ իրենց ձեռքով պատրաստած անուշեղէնը եւ չիրերը:
Հետագային՝ հուլեան տոմարէն ետք (18րդ դար), մեր ժողովուրդը եւս քրիստոնեայ շատ մը ժողովուրդներու պէս տարեմուտի առաջին օրը սկսաւ յիշատակել 1 Յունուարին, իսկ Նաւասարդ-Ամանորն ալ սկսաւ կոչուիլ Նոր տարի:
Այսօր, մեր ժողովուրդը Նոր տարուան տօնակատարութիւնը կը յիշատակէ 31 Դեկտեմբերի կէս գիշերին եւ 1 Յունուարին, իսկ 6 Յունուարին՝ եկեղեցւոյ հետ Քրիստոսի Ծնունդին եւ Մկրտութեան տօնը (Ջրօրհնէք):
Ամանորը հայկական դիցաբանութեան մէջ Նոր տարին մարմնաւորող աստուածն էր: Բառին ծագումնաբանութիւնը կու գայ բնապաշտական Ամանոր աստուծմէ, որ կը մարմնաւորէր Նոր տարին, երկրի եւ մոլորակներու պտոյտը: Հայոց դիցաբանութեան մէջ Ամանորը պտղաբերութեան, բերքը պահպանող աստուածն էր, իսկ Ամանորի եղբայրը հիւրընկալութեան աստուած Վանատուրն էր:
Ո՞Վ ԷՐ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ
Հայկական արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի Կաղանդ պապիկ անունը: Կաղանդ պապը ազգային արժէքները, ծիսական համակարգը պահպանող եւ սերունդներուն փոխանցող կերպար է:
Կաղանդ պապը ոչ թէ նուէրներ, այլ Ամանորի եօթը խորհուրդ կը սորվեցնէր՝ փոխադարձ յարգանք, խաղաղութիւն, ազնուութիւն, իմաստութիւն, աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ գոհունակութիւն: