ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ահա իր կարգին, իր նախորդներուն նման, սահեցաւ ու անցաւ 2023 տարին ու հին դարձաւ: Տարի մը ալ անցաւ մարդոց կեանքէն: Եթէ կը յիշէ՛ք, անցեալ տարուան ընթացքին գրեթէ ամէն ամսուան վերջին, մարդիկ ակամայ իրարու երես նայելով շատ հաւանաբար ըսին. «Տես այս ամիսն ալ ի՜նչ արագ անցաւ», կամ՝ «մեղայ… արդէն տարին կէ՛ս ալ եղաւ», ու տակաւին՝ «ահա՛, աչքդ գոցէ բաց՝ տարին ալ սահեցաւ…»:
Շատ հաւանաբար մարդոց կեանքի տեսակաւոր ծանրութիւնները, անցեալ տարի իրենց վրայ բեռցուելով, օրերուն տուին լեղի համ: Անոր համար է, որ ամէնօրեայ հարցերուն եւ կամ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, մարդիկ կրկին իրենց աչքերը յարեցին դէպի այս նոր տարի կոչուած անծանօթին, միշտ յուսալով, աղօթելով եւ մաղթելով ամէնէն բարին:
Արդ, մէկդի նետելով իրարու հետ կամ դէմ մեր ունեցած անձնական հարցերն ու անոնցմէ ծնունդ առած մտահոգութիւնները, անհասկացողութիւնները, նախանձն ու ատելութիւնը, գրեթէ բոլորիս համար յստակ է, թէ անցնող տարուան ընթացքին ազգովին ճակատագրական մեծ ու ծանր պահեր, դէպքեր եւ պատահարներ կանգնեցան մեր դիմաց ու տակաւին կը յամենան:
Կրկին յիշենք, որ ազգովին կորսնցուցինք ամբողջ դարաւոր պապենական մեր երկիր Արցախը ու օր ցերեկով ականատես եղանք մեր հայրենակիցներուն հոնկէ բռնի արտահանումին: Ծանր եւ անժամանակ: Բոլորս ալ ցնցուեցանք, յուզուեցանք, տխրեցանք: Ու առանց զիրար խաբելու, հայրենիք եւ Սփիւռք միասին ազգային մեծ ողբերգութիւն մըն է որ ապրեցանք:
Ասոնց վրայ նաեւ աւելցան հայրենիքի տարածքին տեսանելի շփոթ կացութիւնն ու հայու վաղուան անստգութիւնը: Իրողութիւններ, որոնք եկան մեր կեանքը առաւել սարսափելի դարձնելու: Ու ամբողջ տարի մը, միշտ բարին մաղթեցինք, եւ աղօթքներով ու բողոքներով, ընդվզումներով եւ բարկութեամբ, մեր ժամերը լեցուցինք: Որովհետեւ անակնկալ այս իրավիճակն ու անորոշութիւնը եկած ու թակած էր մեր ազգին դուռը ու մեր ժամանակը դարձուցած անըմբռնելի, վշտալի, ու մեզ հասցուցած այն եզրակացութեան, թէ մենք ձեւով մը անիծուած ժողովուրդ մըն էինք, որովհետեւ երբ մեր մէջ կամ մեր շուրջ ողբերգութիւն մը ծնի, կարծես երբեք մեզ չի լքել: Ու աշխարհով մէկ ապրեցանք հայ ըլլալու եւ հայ մնալու շատ դժուար ու տաժանելի փորձառութիւնը: Նաեւ հասկցանք, որ կը գտնուէինք ճակատագրական սեմի մը առջեւ: Այս մէկը շեշտաւորուած իրականութիւն մըն էր: Այս բոլորին վրայ աւելցան hայրենիքի ներքին եւ արտաքին անստոյգ կացութիւն-դրութիւնը, Հալէպի աւերիչ երկրաշարժն ու Լիբանանի անկայուն վիճակը, որոնք մեզ ազգովին նետեցին անօրինակ ու անժամանակ կացութիւն-հոգեվարքի մէջ: Ցաւալի իրականութիւն: Հայութեան աչքերը կրկին տառապանքով լեցուեցան: Սարսափելի: Ի՞նչ եղանք յանկարծ: Մե՛նք, որ ամէն ատեն եւ ամէն տեղ կը կառուցէինք եւ կը շէնցնէինք, եւ կը հպարտանայինք թէ մեծ քաղաքակրթութեան տէր եւ արժանի ազգ ենք, հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած էինք… ի՞նչ պատահեցաւ մեզի, եւ ինչո՞ւ… եւ ո՞ւր հասանք…:
Արդ, հիմա ըսէ՛ք…արդեօ՞ք ամբողջ տարի մը ուրախանալու պատճառ մը ունեցա՞նք:
Չէ՞ որ մենք հոգիով լեցուն ժողովուրդ ենք, յաճախ կը հաւաքուինք նոյն յարկին տակ, որպէսզի նոյն կերակուր ուտենք, նոյն երաժշտութիւնը լսենք եւ իրարմով ջերմանանք: Ինչո՞ւ յանկարծ… եւ ինչպէ՞ս… դարձանք դժբախտ եւ մտահոգ:
«Ա՛յս է մեր կեանքը», ըսինք ու մենք զմեզ այս ձեւով համոզեցինք, որպէսզի մխիթարուէինք, առանց անդրադառնալու, որ նախ պէտք էր ամէն բան բախտին չձգել: Էականը՝ մեր մտքերը վերանորոգելն էր, որպէսզի վաղը չափսոսանք: Որովհետեւ պէտք է լաւ գիտնայինք, որ կիսամիջոցներու ժամանակը շատոնց անցած էր: Կարգը եկած էր արմատական կարգադրութիւններու, հաւաքական սրտապնդիչ երեւոյթներու ստեղծումով: Իրականութեան փնտռտուքը մեզ պէտք չէ որ խրտչեցնէ:
Ամանորեան մաղթանքս է, որ մեր հայրենիքը, մեր բոլորին ջանքերով դառնայ արտաքին տեսքով եւ ներքին բովանդակութեամբ խաղաղ ու պայծառ երկիր մը, իր օրէնքներով եւ մանաւանդ իր արդարամիտ իշխանութեամբ ու ղեկավարներով:
Ճիշդ է, որ ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի հաւաքական կենսունակութեան համար եւ մանաւանդ ապագայի պատրաստութիւն համար: Պէտք էր որ այս մէկը արդէն սորված ըլլայինք:
Նաեւ չսորվեցանք, որ իբրեւ հայեր, մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է միայն:
Հաւատացէ՛ք, այս բոլորը զգացական պոռթկում մը ըլլալէ աւելի, իրազեկ ըլլալու գոհունակութիւնը ունին իրենց մէջ: Որովհետեւ, տակաւին մեր յոյսը չէ կորսուած: Մեզի համար ազատ հայրենիքը յոյս է, լինելութեան նշան, կեանքի կանչ եւ հզօրութիւն: Այս մէկն ալ չհասկցանք…:
Այս 2024 նոր տարին՝ ուրիշ տարի պէտք է ըլլայ հայութեան համար: Որովհետեւ, նոր եւ փայլուն յոյսեր շարած ենք հայու մեր կեանքի հորիզոններուն վրայ: Թող բոլորիս սրտերուն ու հոգիներուն մէջ նոյն այս մաղթանքն ու երազը պարեն:
Ամանորեան այս գլխագիր մտահոգութիւններուս հետ, բոլորս ալ միատեղ գալիք տարուան ընթացքին ալ վերանորոգուած հայութեան մը շարունակութիւնը կ՛ուզենք տեսնել, ազգային գիտակցութեան հասունութեան կողքին:
Մեզի կը մնայ ամուր կառչած մնալ հայրենի հողին եւ անկէ մեզի հասնող լուռ ու խորունկ ձայներուն:
Ու ինչ որ ալ ըլլան մտածումներուս, ապրումներուս եւ ակնկալութիւններուս սահմանները, ի սրտէ դրական իրագործումներով լեցուն բարի տարի մը կը մաղթեմ բոլորիդ, Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք:
Արդ… Բարի Ամանոր կը մաղթեմ ձեր բոլորին:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
bedig43@aol.com