ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Երբ կը կարդանք յաջողած եւ երբեմն կայսրութիւններ հիմնած ազգերու պատմութիւնը, ընդհանրապէս չենք անդրադառնար կամ նկատեր անոնց հիմնական դերակատարներէն՝ աշխարհագրական գործօնը, որուն կը պարտին շատ անգամ նոյն այդ ազգերը՝ իրենց ձեռքբերումներուն եւ յաջողութիւններուն համար:
Աշխարհագրութիւնը եւ տեղագրութիւնը (topography) չեն երեւիր, այլ անոնք լուռ հանդիսատեսներ են, սակայն, անոնք գլխաւոր ճարտարապետներն են ազգերու ճակատագրին. անոնք կարեւոր են այնքան, որքան հողին վրայ ապրողը, ղեկավարութիւնը, բանակը եւ այն բոլոր բաները, որոնք ուղղակի տեսանելի են: Հարուստ ընդերքը, բարենպաստ կլիման եւ ռազմավարական դիրքը կարեւոր գործօններ են տնտեսական բարգաւաճման եւ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան համար:
Ակնարկ մը նետելով Երկիր մոլորակի քարտէսին վրայ՝ պիտի տեսնենք, որ բոլոր յաջողած պետութիւնները թէ՛ անցեալ դարերուն եւ թէ այժմ, եղած են անոնք, որոնք աշխարհագրական բախտաւոր տարածքներու վրայ եղած են: Մեզի ծանօթ բոլոր քաղաքակրթութիւնները ծնունդ առած են եւ բարգաւաճած բարենպաստ կլիմայ ունեցող տարածքներու վրայ, գետերու կամ ծովերու ափին: Կլիման կարեւոր եղած է գիւղատնտեսական անհրաժեշտ բոյսերուն՝ ցորենի եւ գարիի աճեցման համար, գետերը եւ ծովափնեայ վայրերը՝ առեւտուրի եւ վաճառականութեան համար, որովհետեւ ջրային փոխադրութիւնը, ըստ տնտեսագէտներու, ութ անգամ աւելի աժան է, քան՝ ցամաքով փոխադրութիւնը, առանց նկատի ունենալու ապահովութեան գործօնը: Այդ գործօններուն պատճառով, հին քաղաքակրթութիւնները՝ Միջագետքի (Mesopotamia) մէջ, Եփրատի եւ Տիգրիսի միջեւ տարածքներուն վրայ ստեղծուած էին, պատմական Հռոմը Փօ գետի ափին սկիզբ առած էր, Հին Յունաստանը՝ Եգէականի ափին: Արդի Գերմանիան իր ուժի եւ բարգաւաճման կեդրոն ըլլալը կը պարտի ծովային երկիր ըլլալու իր առաւելութեան եւ ունեցած նաւարկելի չորս գետերուն, որոնց երկայնքին են իր ճարտարարուեստական մեծ քաղաքները. Ֆրանսան՝ նոյնպէս: Ամերիկան անմրցակից է, իր երկու ովկիանոսներով եւ հարաւէն ու հիւսիսէն պաշտպանուած անապատով եւ անտառապատ ու անանցանելի բարձր լեռներով:
Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը, որոնց ափերուն եւ մէջտեղը ստեղծուած էր հարուստ քաղաքակրթութիւն մը եւ միջավայր մը, եւ ուր հակառակ դարերու ընթացքին եւ մինչեւ վերջերս անվերջանալի պատերազմներու թատերաբեմ ըլլալուն՝ առաւել քան քսան միլիոն հաշուող ժողովուրդի մը բնակավայր է այսօր, մինչ նոյն գետերու ակունքներուն վրայ, տարածքի հարազատ բնիկ ժողովուրդը չէր կրցած բազմանալ եւ զօրանալ, որովհետեւ պարզապէս հոն մեծ քաղաքներու յարմարաւէտութիւնը չկար, նոյն վերեւը յիշուած գետերը եւ միւսները, նաւարկելի չէին, հետեւաբար, գիւղերու եւ աւաններու միջեւ ապրանքներու փոխադրութիւնը սուղ էր եւ ժողովուրդի գոյատեւման միակ միջոցը կը մնար տնամերձ, փոքր չափի հողագործութիւնը: Միւս կողմէ, լեռնային երկիր ըլլալը, շրջաններու միջեւ հաղորդակցութիւնը կը դժուարացնէր, ինչ որ ուղղակի ազդեցութիւն կ՛ունենար կեդրոնական իշխանութեան տկարացման, եւ տեղական մանր աւատապետական (feudal) իշխանութիւններու կեդրոնախոյս քաղաքականութեան կիրարկման:
Կեդրոնական թոյլ իշխանութիւն ունենալուն պատճառաւ, հարաւէն եւ արեւելքէն վաչկատուն ցեղերու պարբերական ներխուժումները պիտի պատճառէին լեռնաշխարհի հայութեան մէկ կողմէ ժամանակի ընթացքին փոքրամասնութեան վերածուելուն, միւս կողմէ՝ յարատեւ արտագաղթին: Փաստօրէն, 19րդ դարու վերջաւորութեան չկար պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ գոնէ քաղաք մը, ուր հայութիւնը մեծամասնութիւն ըլլար: Հայութիւնը հոծ բազմութիւններով լեցուած էր ամէնէն մօտիկ մեծ քաղաքներուն մէջ, ուր կրնար իր հացը վաստկիլ:
Այսպէս, Պոլիս քաղաքը հայութեամբ կը վխտար, Թիֆլիսը երկար ժամանակ կը կառավարուէր հայ քաղաքապետներով: Քսաներրորդ դարու սկիզբը՝ 1918ին, հայութիւնը ունեցաւ իր անկախ հայրենիքը՝ Երեւան մայրաքաղաքով, որ կը հաշուէր հազիւ 37,000 բնակչութիւն, ներառեալ Ցեղասպանութենէն վերապրած գաղթականութիւնը, երբ Թիֆլիս ունէր առաւել քան 150,000 հայութիւն, նոյնպէս՝ Պաքու:
Հայկական տարածքներուն վրայ հայութեան նօսր բազմութիւններու պատճառը Հայաստանի աշխարհագրութիւնն էր: Ապրանքներու փոխադրութիւնը գիւղերէն դէպի քաղաքները մեծածախս էր, ճանապարհային ենթակառոյցներու չգոյութեան պատճառով՝ չկային աժան փոխադրութեան համար նաւարկելի գետեր եւ երկաթուղիներ, հետեւաբար, որքան գիւղը հեռու ըլլար, այնքան անհամեմատ աւելի սուղ էր անիկա: Աւելին՝ լեռնային մակերեսին եւ ցուրտ կլիմային բերումով, աղքատ էին գիւղատնտեսական թէ՛ արտադրութիւնը եւ թէ տեսականին: Այս իրավիճակին հետեւանքը եղաւ այն, որ մարդիկ բարեկեցիկ կեանքի փնտռտուքով հեռանան իրենց գիւղերէն դէպի մեծ քաղաքներ:
Հայաստանի հիւսիսային գաւառներուն համար Թիֆլիսն էր ամէնէն մօտիկը, որ անցեալ դարու սկիզբը՝ ցարական կայսրութեան օրերուն, Կովկասի ամէնէն մեծ եւ բազմամարդ քաղաքն էր եւ մակնիսի ազդեցութիւն ունէր թէ՛ հիւսիսային կովկասի բոլոր ժողովուրդներուն եւ թէ հայութեան համար, իսկ Արցախի հայութեան համար՝ Պաքուն, մանաւանդ քարիւղի արտահանման համար, կարեւոր կեդրոն դառնալէ ետք: Պաքուն պիտի դառնար աշխատանք գտնելու եւ շատ պարագաներու նաեւ հարստանալու ուղղութիւն մը այնքան, որ անցեալ դարու սկիզբը, քարիւղի գործարաններու բանուորներուն մեծամասնութիւնը հայերն էին, իսկ նոյն այդ գործարաններուն կէսէն աւելին հայ մեծահարուստներու սեփականութիւնն էր, ինչպէս՝ Արամեանց, Մանթաշեան, Ծատուրով եւ ուրիշներ: Նոյնիսկ առանց այդ քարիւղին՝ Պաքու, Շամխոր, Եւլախ եւ Գանձակ հասնիլը անհամեմատելիօրէն աւելի դիւրին էր եւ մօտիկ, քան՝ հեռաւոր Երեւանը:
Հայաստանի եւ մայրաքաղաք Երեւանի բնակչութիւնը դրական աճ սկսաւ ունենալ երկրին մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, շնորհիւ առաւելաբար այն հանգամանքին, որ աշխատոյժը եւ մասնաւորաբար հասարակ բանուորութիւնը այլեւս առաջուան պէս Մոսկուաներ, Թիֆլիսներ եւ Պաքուներ երթալու եւ աշխատանք գտնելու հարկադրանքին առջեւ չէր գտնուեր: Երեւանի եւ միւս քաղաքներուն մէջ գործարաններու հիմնումով, բոլորին համար աշխատանքը ապահովուած էր՝ թէկուզ նուազագոյնով: Ճիշդ է որ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը չէր փոխուած, սակայն կար գործօնի մը՝ ազատ շուկայական սկզբունքի վրայ հիմնուած տնտեսութեան, վերացումը: Այլեւս ապրանքներու փոխադրութեան ծախսը նկատի ունենալը անհրաժեշտ չէր, ճանապարհային ենթակառոյցները հիմնական չէին, գործարաններ կարելի էր հիմնել որեւէ տեղ, իսկ արտադրութիւնը փոխադրել Միութեան ամէնէն հեռաւոր վայրերը, ուր որ պէտք էր: Մէկ խօսքով, աշխարհագրութեան կարեւորութիւնը արհեստականօրէն վերացած էր:
Ժողովրդագրական առումով, մեզի համար դրական այս քաղաքական եւ տնտեսական համակարգը, բնականաբար, երկար չէր կրնար դիմանալ ազատ աշխարհի ճնշումներուն եւ վերջապէս անիկա փուլ եկաւ: Հայաստան անկախացած էր, տնտեսական նախկին համակարգը չկար այլեւս, չկային նաեւ նախկին շուկաները: Շուտով ի յայտ եկաւ այն դառն իրականութիւնը, որ հայկական արտադրութիւնները չէին կրնար մրցակցիլ համաշխարհայինին հետ, թէ՛ որակի առումով եւ թէ գինի:
Դարձեալ յայտնուեցաւ ծովային ուղիներու եւ ցամաքային ճանապարհներու ու ենթակառոյցներու չգոյութեան բացասական գործօնը՝ արտերկրին բացուելու համար: Հետեւանքը պիտի ըլլար հայկական բոլոր տնտեսական ենթակառոյցներուն եւ գործարաններուն անխնայ թալանը եւ կողոպուտը, որուն պիտի յաջորդէր հարիւր հազարաւոր մարդոց անգործութիւնը: Ինչպէս մինչեւ դար մը առաջ, դարձեալ հայ մարդը աչքերը ուղղեց դէպի հեռաւոր ոստաններ՝ ընտանիքի ապրուստը հոգալու համար:
Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքները անշուշտ միայն Հայաստանին բաժին չինկան, այլ՝ բոլոր նախկին միութեան հանրապետութիւններուն, ներառեալ՝ Ատրպէյճանին, սակայն ի տարբերութիւն Հայաստանին, անիկա ունէր կազով հարուստ ընդերք, որ անհրաժեշտ ուժանիւթ է համաշխարհային տնտեսութեան համար, հետեւաբար, կարեւոր գործօն՝ երկիրին տնտեսական կայունութեան պահպանման համար: Ատրպէյճանական կազի հարստութիւնը բաւական էր, որ երկրին բանակը արդիականանար նորագոյն սպառազինութեամբ, որ աւելնալով Հայաստանի իշխանութիւններու բանակի սպառազինման նկատմամբ ոչ-համապատասխան ուշադրութեան՝ Ատրպէյճանին տար այն ռազմավարական առաւելութիւնը, որ առիթ ընձեռեց Ալիեւին՝ օգտուելով ռուս-թրքական՝ ի վնաս Հայաստանի լուռ համախոհութենէն եւ միւս՝ արդէն բոլորին ծանօթ աշխարհաքաղաքական պայմաններէն, շղթայազերծել Արցախի վրայ 2020ին տեղի ունեցած լայնածաւալ պատերազմը, որուն մենք, ըստ էութեան, պատրաստ չէինք: Կարելի՞ էր արդեօք խուսափիլ այդ պատերազմէն կամ գոնէ աւելի նուազ մարդկային եւ հողային կորուստներով ելք մը ունենալ:
Լիբանանեան ծագումով աշխարհահռչակ ամերիկացի գործարար, փիլիսոփայ եւ The Black Swan («Սեւ Կարապ») գիրքի հեղինակ Նասիմ Նիքոլա Թալէպ, որ 1 եւ 2 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած տնտեսութեան նախարարութեան կազմակերպած «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր» ժողովին, ի շարս այլ գիտնականներու եւ մասնագէտներու, իբրեւ հիմնական բանախօս հրաւիրուած էր, վերոյիշեալ գիրքին մէջ կը գրէ, թէ իր ամբողջ գիտակցական կեանքին մէջ կը կարծէր եւ վստահ էր, թէ կարապները միայն սպիտակ գոյն կ՛ունենայ, մինչեւ որ պատահաբար կը լսէ, թէ Աւստրալիոյ մէջ կայ կարապի ուրիշ ցեղ մը, որ սեւ գոյն ունի: Այս օրինակը հիմք ընդունելով՝ ան կ՛ընդլայնէ իր տեսութիւնը՝ զայն կիրարկելով քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ Համաշխարհային երկու պատերազմները սեւ կարապներ էին. ո՞վ կը կարծէր, թէ անոնք տեղի կրնային ունենալ եւ միլիոնաւոր մարդիկ զոհ երթալ անոնց: Հիրոշիմայի եւ Նաքազաքիի վրայ նետուած միջուկային ռումբերը նոյնպէս սեւ կարապներ էին: Սովետական Միութեան փլուզումը նոյնպէս սեւ կարապ էր: Գիտութեան եւ բժշկութեան մէջ որեւէ նորարարութիւն մը (ենթադրենք քաղցկեղի դարմանը) սեւ կարապ է: Հայերն ալ՝ Արցախի գծով, մանաւանդ առաջին պատերազմին յաղթած ըլլալով, համոզուած էին, որ տարածաշրջանին մէջ ամէնէն մարտունակ բանակը ունէին, որ ցեղասպանութիւններու ժամանակաշրջանը անցած է այլեւս, որ Ռուսիոյ համար Հայաստանը ռազմավարական գերագոյն արժէք է ուղղակի իրենց ազգային ապահովութեան համար, որ ռուսերը, եթէ պէտք ըլլայ, իրենք կը պաշտպանեն հայութեան եւ Արցախի շահերը: Ասոր համոզուած էին թէ՛ հայրենի ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը, թէ՛ սփիւռքահայութիւնը՝ իր մեծամասնութեամբ: Իրականութիւնը այդպէս չէր եւ ամբողջ ազգը անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ երբ 12,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող անառիկ կարծուած Արցախը 44 օրերու ընթացքին կորսնցուցինք, երբ Ստեփանակերտը եւ մնացեալ 2000 քառ. քիլոմեթրը հայաթափ եղաւ եւ տեղահանուեցաւ իր բնօրանէն, երբ հազարաւոր տարիներ, բազմաթիւ կայսրութիւններու բանակներու տիրապետութեան տակ կրցած էինք գոնէ մեր կիսանկախ վիճակը պահել: «Սեւ կարապը»ի օրինակով, մենք չէինք գիտեր, թէ պատերազմներու ելքերը անկանխատեսելի են, թէ ջարդերը եւ ցեղասպանութիւնները մի՛շտ կարելի են, թէ մեծ պետութիւններու շահերը ո՛չ մէկ բարոյական հասկացութեան առջեւ կ՛ընկրկին:
Սեւ կարապի օրինակով, մանաւանդ 21րդ դարուն ուրուագծուող ուժանիւթի աւանդական աղբիւրներու փոխարէն այլընտրանքայիններու փնտռտուքով եւ արդէն գտնուած կարգ մը աղբիւրներով՝ արհեստագիտական բանականութեան ընձեռած կարելիութիւններուն հետ, աշխարհագրութեան առաջուան հետ բաղդատած՝ յոյժ կարեւորութիւնը՝ որոշ չափով կը շրջանցէ եւ կարելի կ՛ըլլայ գիտութեան զարկ տալով՝ հզօր տնտեսութիւն ստեղծել, որ հիմքն է նաեւ հզօր բանակին եւ ազգային ապահովութեան:
Մեր հետագայ նպատակը պէտք է ըլլայ ազգովին ձգտիլ մեր երկրի հզօրացման:
Թող 2024ը ըլլայ այդ ճանապարհին վրայ Սեւ կարապի օրինակով արձանագրուելիք քայլերու անկանխատեսելի յաջողութիւններու տարի մը: