ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19-20ի պատերազմը եւ անոր յաջորդած քաղաքական իրադարձութիւնները նոր, բայց սեւ էջ մը եւս աւելցուցին հայոց պատմութեան ողբերգական էջերուն վրայ:
Արցախեան հարցի էութիւնը հասկնալու համար պէտք է երթալ եւ քրքրել պատմութեան էջերը: Արցախեան հարցի ծնունդը տեղի չէ ունեցած 1918-1923 թուականներուն, երբ Ատրպէյճան արհեստածին պետութեան ստեղծումով եւ Հայաստանի անկախացումով, Արցախը կռուախնձոր դարձաւ երկու պետութիւններուն միջեւ:
Արցախեան հարցի ծագումը կը սկսի 1905-1906ի հայ-թաթարական կռիւներով, որոնք կազմակերպուած էին Ռուսիոյ կողմէ: Այս կռիւներուն մասին շատ խօսուած է, նոյնիսկ ռուսերու դերակատարութեան մասին ալ կը նշուի, սակայն միշտ ալ, դժբախտաբար, ներկայացուած է որպէս զուտ ազգամիջեան կռիւներ: Այս գծով, Թիֆլիսի մէջ հրատարակուող «Նոր Դար» օրաթերթը ուշագրաւ տեղեկութիւն կու տայ գրելով. «1902թ. Բաքւում կար 111 նաւթագործարան: Դրանցից 9ը պատկանում էին ռուսներին, 15ը մահմեդականներին, 11ը հրեաներին, 25ը ֆրանսիացիներին, շուէդներին եւ այլ ազգութիւնների, իսկ հայերին՝ 51ը»: Այսինքն Պաքուի հարստութիւններուն առնուազն կէսը կը պատկանէր հայերուն: Իսկ եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք նաեւ այդ կռիւներու հիմնական թատերավայրերուն վրայ, ապա պարզ կը դառնայ, թէ հարցը հայերու հարստութեան կազմակերպուած թալանն էր ռուսական կողմէ, թաթարներու ձեռքով: Այս կռիւներու ընթացքին, Պաքուի մէջ բազմաթիւ նաւթահորեր, որոնք կը պատկանէին հայերու, այրեցան: Նպատակը թոյլ չտալն էր, որ հայերը տնտեսական ուժի վերածուին եւ քաղաքական յաւակնութիւն ունենային: Այս կռիւներուն գլխաւոր թատերավայրերը դարձան Պաքուն, Թիֆլիսը, Շուշին, Նախիջեւանը եւ Երեւանը: Հայ եւ թաթարական աւելի քան 1200 գիւղեր աւերուեցան: Այս բոլորը տեւեցին շուրջ մէկուկէս տարի, ռուսական կայսրութեան «հովանի»ին ներքոյ, առանց անոր զինուորական միջամտութեան:
Երկրորդ հանգրուանը եղաւ 1918ին, Պաքուի հերոսամարտը եւ ջարդերը: 1917ի պոլշեւիկեան յեղափոխութեան հետեւանքով ռուսական բանակը լքեց ռազմաճակատը: Սակայն ռուսերը իրենց զէնք ու զինամթերքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յանձնեցին թաթարներուն (իմա՝ ատրպէյճանցիներուն), որուն պատճառով անոնք յաջողեցան տիրանալ Պաքուին եւ ստեղծել արուեստական պետութիւն մը՝ Ատրպէյճանը: Նոյնիսկ այդ ժամանակաշրջանին, Ատրպէյճանը յաւակնութիւններ ցուցաբերեց թէ՛ Արցախի, թէ՛ Նախիջեւանի եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Ատրպէյճանի ստեղծումը ռուս-թրքական համաձայնութեան արդիւնք էր: Անիկա Կովկասի մէջ անոնց գլխաւոր լծակն էր իրենց հարցերը լուծելու համար Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ: Պատահականութիւն չէ, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդայնացումէն վեց ամիս առաջ Ատրպէյճանը խորհրդային կարգերը ընդունեց առանց դիմադրութեան: Միւս երկու հանրապետութիւններուն պարագան նոյնը չէր : 1918-1921 տարիներուն Արցախը դարձեալ կռուախնձոր էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Հայաստանի դաշնակից արեւմտեան երկիրները որձեւէգ դիրքորոշում ունէին Արցախի հարցով: Միայն պէտք է նշել, որ 1920-1923 թուականներուն. Ազգերու Լիկայի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Գաբրիէլ Անոթէն՝ 1922ի Յունուարի 18ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Ազգերու Լիկայի Խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ նախկին Օսմանեան կայսրութենէն տարանջատուեցան եւ ձեւաւորուեցան նոր պետութիւններ ինչպիսիք են՝ Հայաստանը, Սուրիան եւ այլոք, որոնց սահմանները հաստատուեցան եւ ձեւաւորուեցան ոչ թէ 1920 Օգոստոսի 10ի Սեւրի դաշնագիրով, այլ 1920 Ապրիլ 19-26ին տեղի ունեցած Սան Ռեմոյի վեհաժողովի համաձայնագրի որոշումին հիման վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային միջազգայնօրէն ճանաչուած այդ տարածքը կը կազմէր մօտաւորապէս 162 հազար քառ. քլմ., որ կը ներառէր Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասը, Արեւելեան Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանը, Արցախը եւ Գարդմանը: Բնականաբար, դաշնակից պետութիւնները ոչինչ կրնային ընել Հայաստանին վերաբերող այդ որոշումները գործադրելու: Հայաստանը 1920ի պատերազմին պարտուած էր Թուրքիայէն եւ մնալով թուրք-ռուսական աքցանին մէջ, 1920 Դեկտեմբեր 2ին խորհրդայնացած էր: Խորհրդայնացումէն ետք, ռուսական կայսրութիւնը հայկական հողերը՝ Նախիջեւանը եւ Արցախը նուիրեց Ատրպէյճանին, իբրեւ ինքնավար մարզ:
1988ին սկսած Արցախեան շարժումը եւ ապա 1991ին սկսած պատերազմը, որ աւարտեցաւ հայկական կողմին յաղթանակով 1994ին, մեզի համար ստեղծեց այն պատրանքը, թէ Արցախի հարցը լուծուած է: Չմտածեցինք թէ Ատրպէյճանը նաւթով հարուստ երկիր է եւ հետզհետէ պիտի զօրանայ եւ ուժով պիտի խլէ մեր երկիրը… Ամբողջ 25 տարիներու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցային գործընթացը եւ մասնաւորաբար 2020ի պատերազմը պէտք է մեզի յուշէին, որ Արցախի հարցը աշխարհաքաղաքական է եւ կախեալ չէ միմիայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքական դիրքորոշումներէն:
Այսօր Արցախի կորուստին հետ հաշտուիլ կը նշանակէ ժամանակ մը անց յանձնել նաեւ Սիւնիքն ու Հայաստանը: Ահա թէ ինչ կը գրէ պատմաբան Լէօն, Ղարաբաղի Խնդիրը իր ուսումնասիրութեան մէջ. «Հայաստանի համար Ղարաբաղի հարցը կեանքի եւ մահուան հարց է: Կարո՞ղ է Հայաստանը ապրել առանց Ղարաբաղի: Ոչ, չի կարող: Եւ այս չափազանցութիւն չէ: Հայոց ամբողջ պատմութիւնն է հաստատում այս: Ներկայումս ամէն մէկը համոզուեց, թէ պատմութիւնն անսխալ է եւ անողոք: Բնութիւնը մի հսկայական պատ է քաշել՝ Հայաստանը մերձկասպեան տափաստաններից բաժանելու համար: Այդ հսկայական պատի հիւսիսային կողմը Ղարաբաղն է, հարաւայինը՝ Զանգեզուրը. դժուարամատչելի լեռնաստաններ, բնակեցուած քաջ հայ ազգաբնակչութեամբ: Ահա թէ ինչպէս է բնութիւնը պաշտպանում Հայաստանը այն հորդաններից, որ Կասպիական անհուն տափաստաններով շարժւում են նրա դէմ: Լեռները բաւական չեն, մարդիկ էլ են նստած այդ պաշտպանական գծի վրայ: Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը իրար հետ կապուած են, իրար լրացնում են, իրարով են ապրում: Մէկն առանց միւսի թոյլ է, չի կարող պաշտպանուել անջատապէս: Իսկ երկուսով միասին Հայաստանի հզօր թիկունքն են: Ատրպէյճանը շատ լաւ է հասկանում այս: Եւ առանց որեւէ իրաւունքի, հակառակ ամէն մի արդարութեան, ուզում է ուժի միջոցով խլել հայոց այս երկու կարեւոր երկրները: Այն օրը, երբ նա յաջողացրեց այդ բռնակալական յափշտակութիւնը, Հայաստանի մէջքը կոտրած է եւ թաթարական հանրապետութիւնը կարող է նրան թելադրել իր հրամանները: Ղարաբաղն ու Զանգեզուրն են, որ բաժանում են Ատրպէյճանը Նախիջեւանի թրքութիւնից»:
Արդեօ՞ք Հայաստանի երեսուն տարիներու իշխանութիւնները կարդացած են Լէոյի այս ճշմարտութիւնը: Հաստատ ոչ:
Այսօր, Արցախի հայաթափումով, Արցախի հարցը փակուած համարել կը նշանակէ հարցականներ դնել Հայաստանի գոյութեան վրայ: Ճիշդ է որ միջազգային լուռ համաձայնութիւն կար Արցախի հայաթափման գծով, սակայն քաղաքականութեան մէջ անհնարինը կարելի է հնարաւոր դարձնել: Պէտք է կառչիլ առաջին հերթին Արցախի հայութեան տունդարձի իրաւունքի բանաձեւերէն, ի հարկէ, միջազգային երաշխիքներով: Այստեղ է դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը: Հայաստանի իշխանութիւնները ՊԱՐՏԱՒՈՐ են Արցախի հարցով հետեւողական ըլլալ, իսկ համայն հայութիւնը՝ թէ՛ հայաստանեան հասարակութիւնը եւ թէ սփիւռքահայութիւնը, պահանջատէր պէտք է ներկայանայ արար աշխարհին: Քոսովոյի նախընթացը կրնայ հիմք ծառայել մեր պահանջատիրութեան: Արցախի գոյութիւնը որպէս հայաբնակ տարածք երաշխիք է Հայաստանի ապահովութեան եւ գոյութեան:
Ժողովուրդները իրենց իրաւունքները չեն ստանար, այլ կ՛առնեն: