
ՎԵՐ. ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ*
Տարիներէ ի վեր, Փասատինայի Հայութեան Ոստիկանութեան Խորհրդատու մարմինին (Pasadena Armenian Police Advisory Council, PAPAC) կազմակերպութեամբ եւ բարի աւանդութեան վերածուած Ամանորեայ նուէրներու հաւաք-արշաւի 28րդ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Փասատինայի ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ։
Խորհրդատու այս մարմինը, որ հիմնուած է 1995ին, օրուան ոստիկանապետ Պեռնար Մելէքեանի նախաձեռնութեամբ, հաւատարմօրէն կը շարունակէ գործակցիլ քաղաքի ոստիկանութեան հետ, հետապնդելու եւ լուծումներ տալու Փասատինայի հայութիւնը յուզող հարցերուն, հաղորդակցական կապը ըլլալու քաղաքի ոստիկանութեան եւ հայ համայնքին միջեւ, հայորդիներու աշխատանքի առիթներ ընծայելու տեղական քաղաքացիական ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ միջոց մը ստեղծելու, որ հայութիւնը իր երախտագիտական խօսքը հասցնէ Փասատինայի ամբողջ համայնքին։ Ցարդ, PAPAC-ը կը շարունակէ վայելել Փասատինայի հայութեան եկեղեցական, մշակութային միութիւններու եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու հաւաքական աջակցութիւնը։ Ներկայիս PAPAC-ի խորհուրդը կը նախագահէ Հրաչ Գուլաճեան։
Ամանորեայ խաղալիքներու հաւաք-արշաւը դարձած է վերոյիշեալ ներակցումի գեղեցիկ մէկ խորհրադապատկերը, որուն միջոցաւ հայորդիներ իրենց մարդասիրական բաժինը կը բերեն՝ Ամանորի ստեղծած քաղցր զգացումները բաժնեկցելու տեղական ոչ-հայ բարեսիրական տարբեր կազմակերպութիւններու հոգատարութեան մէջ եղող նուազ առանձնաշնորհեալ մանուկներու հետ։
Դպրոցներու, եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու սրահներու եւ ընդհանրապէս առեւտրական հաստատութիւններու մէջ հաւաքուած ապա մէկտեղուած խաղալիքներու միջոցով, հայորդիներ կը յայտեն իրենց՝ Փասատինայի գործօն մէկ մասնիկը ըլլալու իրականութիւնը։

Այս տարուան բաշխումի հանդիսութեան ներկայ էին Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ եւ իր գրասենեակի գործակից Տամինիք Քորի, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Ճիւտի Չուի ներկայացուցիչ Թանիա Շարիաթզատէ։
Յայտագիրը սկսաւ ուխտառնութեան արարողութեամբ մը, ապա հրաւիրուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պողօս. քհնյ. Պալթայեան, որ կատարէ բացման աղօթքը։
Գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին Pasadena High School-ի երգչախումբը, Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտները՝ ասմունքով, իսկ Ազգային Թաւլեան մանկապարտէզի փոքրիկները՝ երգերով։
Յանուն Փասատինայի ոստիկանութեան՝ խօսք առաւ հրամանատար Ճին Հերիս եւ ընդգծեց PAPAC-ի իւրայատուկ ներդրումը քաղաքի կեանքին մէջ։ Խօսք առաւ նաեւ ծերակուտական Փորթանթինօ, իսկ օրուան խորհուրդները փոխանցեց եւ փակման աղօթքը կատարեց՝ Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցւոյ գործակից հովիւ եւ PAPAC-ի անդամ վեր. Վաչէ Սվաճեան։
Յայտագիրի աւարտին, նուէրները յանձնուեցան 2023ի համար ընտրուած Child Evangelism Fellowship եւ Villa Parke Community Center կեդրոններու ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք իրենց կարգին զանոնք ցրուեն իրենց կազմակերպութիւններուն հովանաւորութեամբ։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին մարդասիրական այս ծրագիրը։
* Հովիւ Փասատինայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցւոյ