
Վաւերագրող բեմադրիչ Սեդա Գրիգորեան այժմ կը փորձէ ամերիկեան ընկերութենէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ նկարահանումներու անձնակազմ գտնող միջազգային հարթակէն պարզել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է, որ Ուրարտուի մասին պատմական ժապաւէնին համար կատարած իր նկարահանումները յայտնուած են ատրպէյճանական քարոզչական ժապաւէնին մէջ, սակայն, տակաւին պատասխան չկայ:
Ատրպէյճանական CBC ալիքը 2 Յունուարին, 37 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը սփռեց: Անոր մէջ Երեւանը կը ներկայացուի՝ իբրեւ ատրպէյճանական քաղաք, ուր, իբր թէ, կը վերացուին ատրպէյճանական հետքերը եւ թրքական մշակոյթը: Ուշագրաւ է, որ ժապաւէնին մէջ, բացի ատրպէյճանցիներէ, կը խօսին նաեւ երեւանցիներ, նկարահանումներ կատարուած են Երեւանի կեդրոնը, Էրեբունիի պատմահնագիտական եւ Սիսիանի թանգարաններուն մէջ. ժապաւէնին մէջ կը խօսին նաեւ այդ թանգարաններուն տնօրէնները, կան նաեւ տրոնով նկարուած տեսարաններ:
Ժապաւէնին վերնագիրը եւ նկարագրութիւնը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ ատրպէյճանական СВС պատկերասփիւռի ընկերութեան տրոնը նկարահանած է տեսարաններ եւ ատրպէյճանական լրագրողական խումբն է, որ նախապէս ծրագրած է եւ զգուշօրէն, առանց յաւելեալ ուշադրութիւն գրաւելու՝ նկարահանումներ կատարած:
«Ազատութիւն»ը այս հարցով դիմեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, որ յորդորեց հարցը գրաւոր ուղարկել: Սակայն, արդէն յայտնի է, որ ատրպէյճանական ժապաւէնին համար նկարահանումները կատարուած են Դեկտեմբերի սկիզբը: Անոնց մէկ մասը նկարահանուած է 2 Դեկտեմբերին՝ վաւերագրող բեմադրիչ Սեդա Գրիգորեանի կողմէ, որ չգիտցաւ, թէ իր նկարահանած նիւթը հետագային պիտի երեւի, ոչ թէ Ուրարտուի մասին պատմող ամերիկեան պատմական վաւերագրական ժապաւէնի մէջ, այլ ատրպէյճանական քարոզչական ժապաւէնին:
«Ֆէյսպուք»ի վրայ Գրիգորեան պարզաբանող գրառում մը կատարած է՝ նշելով, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ նկարահանումներու անձնակազմ որոնող worldfixer հարթակին միջոցով իրեն հետ կապ հաստատած է ամերիկեան No Frontiers LLC կազմակերպութիւնը:

Իբրեւ ամերիկացի արտադրիչ ներկայացած Ալէքս Ճիլ գրած է, որ պատմական նիւթով վաւերագրական ֆիլմաշար կը պատրաստեն, եւ որ ժապաւէններէն մէկը կը վերաբերի Ուրարտուին, այդ պատճառով կ՛ուզեն հարցազրոյց կատարել Էրեբունի թանգարանի տնօրէնին հետ:
Այդ ծաւալուն հարցազրոյցէն փոքր հատուած մը` 30 վայրկեան, որուն մէջ կը խօսուի ոչ թէ Ուրարտուի, այլ Հանրապետութեան հրապարակի պեղումներուն մասին, յայտնուեցան ատրպէյճանական ժապաւէնին մէջ։
Էրեբունիի թանգարանի տնօրէն Միքայէլ Բադալեանի` ատրպէյճանական ժապաւէնին մէջ օգտագործուած խօսքը բովանդակային որեւէ կապ չունի ժապաւէնին եւ անոր մէջ ներկայացուած թէզերուն հետ:
«Փաստօրէն, նման խաբէութեամբ հսկայական նկարահանումներ են կատարուել. այդ ֆիլմում իմ կողմից նկարահանուած նիւթերից են Էրեբունու թանգարանում արուած կադրերը, վերջում օգտագործուած 4-5 դրոնի կադր: Մնացած նիւթն ինձ անծանօթ է: Ես սարսափելի ցաւում եմ տեղի ունեցածի համար եւ համարում եմ, որ պէտք է աւելի ուշադիր ու զգուշաւոր լինէի, քանի որ իմ մասնագիտութիւնը լայն դաշտ է ստեղծում նման խաբէութիւնների ու մանիպուլեացիաների (ձեռնածութիւններու) համար», «Ֆէյսպուք»ի վրայ գրած է Սեդա Գրիգորեան:
Իսկ Սիսիանի թանգարանին մէջ նկարահանումները, կը պարզուի, որ կատարուած են 9 Դեկտեմբերին. թանգարանի տնօրէն Թաթուլ Սիւնի փոխանցեց, որ Սերգէյ անունով ներկայացած ռուս լրագրողը այցելած է իրեն` երկու հոգիէ բաղկացած նկարահանող խումբով եւ ըսած է, որ հետաքրքրուած են թանգարանով, եւ հարցազրոյց կատարած իրեն հետ:
Ամերիկեան համալսարանի փրոֆեսէօր, քաղաքագէտ Ստեփան Աստուրեան կ՛ըսէ, որ Հայաստանի մէջ չեն ընկալեր, թէ որքան խոր եւ համակարգուած կ՛աշխատի Ատրպէյճան՝ պետական մակարդակով յառաջ մղելու հայատեաց իր թէզերը:
«Ադրբեջանական ազգայնականութեան բնոյթը հիմնականում հիմնուած է հայատեացութեան վրայ, գիտեմ, որ բազմաթիւ յօդուածներ եղան, բայց խորքը այդ հայատեացութեան դեռ չի ըմբռնուել, մարդիկ շեշտում են այն, ինչ որ հանրային է կամ կոպիտ է, բայց մի ամբողջ մեքենայ կայ` պատմաբանների, հնագէտների, մարդաբանների, որոնց գործն է պետականօրէն համակարգուած, հերքել հայերի ներկայութիւնը պատմականօրէն Հարաւային Կովկասում, ձեւացնել, որ իրենք այստեղ էին վաղուց ի վեր, հայերը եկուորներ են եւ այլն: Շատ հետաքրքիր երեւոյթ է, որովհետեւ այդ խօսքերը, որ ասւում էին իրենց մասին 90ական թուականներին, որ նորեկներ են, ինքնութիւն չունեն, պետական մեքենայի գործունէութեամբ հայելային ձեւով վերադարձնում են», նշեց Աստուրեան:
Այս առաջին դէպքը չէ, երբ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ, իբր թէ ատրպէյճանցիներու կողմէ Երեւանի մէջ նկարահանուած տեսարաններ յայտնուած են։
«Նախորդ դէպքը դարձեալ 2023 թուականի Դեկտեմբերի սկզբին էր, նոյն այն օրերին, երբ ադրբեջանական քարոզչական ֆիլմի համար նիւթ էր հաւաքւում: Դեկտեմբերի 6ին ադրբեջանցի քաղաքագէտ Թելման Գասիմովն էր հայերէնով տեսանիւթ տարածել, որում պնդում էր, թէ եղել է իր ծննդավայր Երեւանում, այցելել իրենց շէնքի բակը, անգամ բարձրացել 5րդ յարկ` իր նախկին բնակարանը: ԱԱԾն, սակայն, պարզել էր` տեսանիւթը նոր չէ, Ադրբեջանի քաղաքացին Երեւանում չի եղել, այդ կադրերը այլ մարդ է նկարահանել եւ ուղարկել Ադրբեջան դեռ 6 տարի առաջ», կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը: