«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, իշխանական «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամ Սարգիս Խանդանեան յայտնեց, որ Երեւան պատրաստ է Պաքուի հետ քննարկելու հարկային ու սահմանային դրութեան դիւրացման պարագան, բայց ոչ՝ անխոչընդոտ անցումի հարցը:
«Դրանք այն կարմիր գծերն են, որոնք Հայաստանը չի կարող ուղղակի այդպէս զիջել», ընդգծեց ան:
Իրանի հետ դէպի Նախիջեւան ճամբու կառուցման շուրջ համաձայնութենէն ետք, Պաքու կը յայտարարէ, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ը իրենց համար կորսնցուցած է գրաւչութիւնը: Բայց վերջերս, թէ՛ ատրպէյճանցի եւ թէ թուրք պաշտօնատարներ ոչ միայն աշխուժօրէն կը խօսին միջանցք բանալու մասին, այլ նոյնիսկ պայմաններ կը դնեն:
Պաքուի պահանջը նախօրէին ձեւակերպեց Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ՝ թէ Հայաստան պէտք է Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապ տրամադրէ՝ առանց մաքսային եւ սահմանային վերահսկողութեան:
Թուրքիոյ հաղորդակցութեան կապերու նախարարը ժամկէտներ նշեց՝ թէ կ՛ակնկալեն, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» բացուի 5 տարիէն՝ մինչեւ 2029: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ կառավարութիւնը պաշտօնապէս չարձագանգեցին:
«Ապաշրջափակման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ յստակ սկզբունքների վրայ՝ երկրների իրաւազօրութեան, սուվերենութեան (գերիշխանութեան), հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան, ու այստեղ շատ կարեւոր է, որպէսզի երկրների սահմաններին գործեն մաքսային ու միւս բոլոր վերահսկողական մեխանիզմները (գործիքակազմերը) անվտանգութեան համար՝ թէ՛ բեռների, թէ՛ քաղաքացիների անցման տեսանկիւնից: Եւ, ի հարկէ, աշխարհում մաքսային ու սահմանային անցման տարբեր մեթոդներ են յայտնի, որոնք նաեւ դիւրացուած են, նաեւ որոշակի ժամանակակից տեխնոլոգիաներ (ճարտարարուեստներ) են կիրառում, որոնք քննարկելի, բանակցելի հարցեր են, բայց անխոչընդոտ անցումն, ինչպէս փորձում են ձեւակերպել, ընդունելի չէ Հայաստանի համար, որովհետեւ դա որոշակիօրէն կրկին արտատարածքայնութիւն է ենթադրում իրենից, ինչը մեր սուվերենութեան խախտում է», ըսաւ Խանդանեան:
Ընթացակարգերու պարզացման կարելիութեան մասին նախորդ տարեվերջին խօսեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով տարածաշրջանային ապաշրջափակում ենթադրող Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի սկզբունքներուն:
«Փոխադարձութեան հիման վրայ ընթացակարգերի պարզեցումներ կարող են տեղի ունենալ, այսինքն, այդ պարզեցումները պիտի լինեն նախագծին մասնակցող բոլոր երկրների համար եւ բոլոր երկրների տարածքում: Այս առումով մենք բաւականին ճկունութիւն ունենք», նշած էր Փաշինեան:
«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կ՛ենթադրէ պարզացուած ընթացակարգը՝ մանրամասնութիւն չտուաւ, միայն ըսաւ, թէ ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու գերիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան ու հաւասարութեան սկզբունքներով:
«Դրանք աւելի շատ տեխնիկական քննարկումներ են, բայց երբ որ հասնենք դրան, դրանք կարող ենք քննարկել: Ապաշրջափակման չորս սկզբունքները, որոնք նշեցի, դրանք համաձայնեցնելուց յետոյ, հրապարակային դրանց մասին յայտարարելուց յետոյ արդէն կարող ենք աշխատել նաեւ այդ պարզեցման մեխանիզմների շուրջ», ըսաւ Գրիգորեան:
Պաքուի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցքը» կողմերուն միջեւ հիմնական տարակարծութիւններէն է արդէն առաւել քան երեք տարիներէ ի վեր: Պատերազմէն ետք, Ալիեւ նոյնիսկ կը սպառնար ուժով բանալ այդ միջանցքը: