Ատրպէյճանի 19-20 Սեպտեմբեր 2023ի յարձակումին պատճառով, Արցախ տուաած է 223 զոհեր, որոնցմէ 25ը քաղաքացիներ են. անոնց մէջ կան 5 անչափահասներ: Այս տուեալները հրապարակեց Հայաստանի քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան՝ Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ըստ Քեարամեանի՝ հայկական կողմի վիրաւորներու թիւը 244 է, որոնցմէ շուրջ ութ տասնեակը քաղաքացիներ, անոնց կարգին՝ 10 անչափահաս: Կան 20 անհետ կորսուածներ, որոնցմէ 5ը՝ քաղաքացիներ:
Յիշեցնենք, որ ըստ վերջին տուեալներուն՝ 218 քաղաքացիներ զոհուեցան 25 Սեպտեմբերին, Արցախի մէջ վառելանիւթի պահեստի պայթումին պատճառով. 120ը վիրաւորուեցան, իսկ 21 քաղաքացիներ անհետ կորսուած կը նկատուին:
Ատրպէյճանցիները հաղորդեցին 19-20 Սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, առնուազն 191 զոhեր ունենալու մասին: