
2023ի սկիզբը, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները պաշարուած էին Ատրպէյճանի պարտադրած անմարդկային շրջափակումով, որ տեւեց 10 ամիսներ եւ յանգեցուց Արցախի ամբողջական հայաթափումին։ Անասելի զրկանքներ տեսած արցախահայութեան դիմագրաւած պայմանները մարդկային իրաւանց մասնագէտներու կողմէ ցեղային մաքրագործում եւ ցեղասպանութիւն որակուեցան, եւ Պաքու դատապարտուեցաւ։
Ատրպէյճանի շղթայազերծած լայնածաւալ յարձակումին պատճառով, Արցախի ժողովուրդը իր պապենական հողերէն պարտադրաբար հեռացաւ՝ ցնցելով վշտահար հայութիւնը։
Արեւմտեան Ամերիկայի մեր հայ համայնքը մօտէն հետեւեցաւ իրադարձութիւններուն եւ անգամ մը եւս փաստեց, թէ ի պահանջել հարկին, երբ հայութիւնը գոյութենական պայքարի մէջ է, կրնայ բռնցքուելով՝ օգնութեան ձեռք երկարել իր հայրենակիցներուն։
Համայնքային գետնի վրայ, մեր Ազգային վարժարաններէն երեքը՝ Ֆերահեան, Ալեք Փիլիպոս եւ Շամլեան, անկիւնադարձային կարեւոր քայլեր առնելով՝ յայտարարեցին, թէ նոր կալուածներ ձեռք ձգած են, համայնքի ապագայ սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու՝ իրենց առաքելութեան սահմանները ընդարձակելու նպատակով։
Այս բոլորին ընթացքին, «Ասպարէզ»ը շարունակեց համայնքը իրազեկ պահելու եւ անոր ծառայելու՝ իր առաքելութիւնը, նոյն ժամանակ տօնելով իր հիմնադրութեան 115րդ տարեդարձը, որ անգամ մը եւս եկաւ յիշեցնելու, որ Միացեալ Նահանգներու միակ երկլեզու թերթը հանդիսացող այս հրատարակութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնադիրներուն սահմանած առաքելութեան։ Թերթին ընթերցողներու թիւը յատկանշական աճ կ՛արձանագրէ նաեւ Հայաստանի մէջ։
Այս բոլորը անկարելի պիտի ըլլային, եթէ չունենայինք մեր համայնքային կազմակերպութիւններուն, հովանաւորներուն եւ, անշուշտ, ընթերցողներուն նեցուկը։ Նաեւ դրուատելի է թերթիս նուիրեալ թղթակիցներուն, յօդուածագիրներուն, խմբագրական կազմին եւ գրասենեակի անձնակազմին տարած աշխատանքը։
Մինչ աշխարհը շարք մը տագնապներ կը դիմագրաւէ, հայութեան դիմաց եւս ծառացած են բարդ դժուարութիւններ, եւ այժմ առաւել եւս յստակ է, թէ հայութեան դիմագրաւած հարցերը որքանով ագուցուած են համաշխարհային իրադարձութիւններուն։ Պէտք է գիտակցիք, որ իւրաքանչիւր հայ իր դերակատարութիւնը ունի կատարելիք իր հայրենիքի բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ, եւ մեր պարտաւորութեան ծիրին մէջ այժմ կայ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու գործը։
«Ասպարէզ»ի վարչութիւնը, խմբագրական կազմը եւ անձնակազմը կը շնորհաւորեն ձեր Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Թող 2024ը բարգաւաճում բերէ բոլորին եւ արդարութիւն՝ հայութեան։