ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Բամբասա՞նք՝ թէ բանն ասանկ»։ Այս յօդուածիս միտք բանին քննադատութիւն չէ բնաւ, սխալ մի հասկնաք զիս, այլ ժամանակի հրամայականին ենթարկուելու եւ իրականութեան տխուր պատկերը ներկայացնել ու ափսոսալ է միայն, անցեալի բարգաւաճ մեր օրերուն վրայ։
Ես Ամերիկա եկայ 1976ին, որպէս զբօսաշրջիկ։ Ամուսնացայ 1980ին եւ ընտանիք կազմեցի ու երկուստեք աշխատելով յաջողութիւն գտանք, նման շատ մը ուրիշ հայերու՝ որոնք եկան տարբեր երկիրներէ ու վերջնականապէս հաստատուեցան հոս։
Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ է այդ տխուր պատկերը, որուն ակնարկեցի քիչ առաջ։ Պիտի ջանամ թուել հայապատկան վարժարաններ ու միութիւններ, ի միջի այլոց, որոնք վերջին աւելի քան քառասուն տարիներու ընթացքին դժբախտաբար անհետացան մեր երկնակամարէն, յուսահատութեան մատնելով մեզ։ Հիմա խօսինք օրինակներով.
Ա. ԿՐԹԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐ
1. Լա Վըրնի Միջազգային քոլեճ. Ամերիկայի հայկական առաջին քոլեճը 1976-1992 տարիներուն մեծ ծառայութիւն մատուցանեց Միջին Արեւելքէն եկած շատ մը ուսանողներուն, որոնք նիւթական օժանդակութեամբ շարունակեցին իրենց ուսումը եւ ստացան համապատասխան վկայականներ։ Անոնցմէ շատերը կրցան հաստատուիլ Ամերիկա։
2. ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան երկրորդական վարժարան. այս վարժարանը աւելի քան երեսուն տարի (1981-2015) հայեցի ուսմամբ դաստիարակեց իրեն վստահուած հայորդիները եւ անոնց սիրտերուն մէջ սերմանեց ազգային պատկանելիութեան ու հայրենիքի սիրոյ բարձր գիտակցութիւնը։
3. ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարան. Փասատինայի եւ Կլենտէյլի հայկական միակ երկրորդական վարժարանը աւելի քան տասնամեակ մը (2006-2019) շատ օգտակար հանդիսացաւ Փասատինայի եւ Կլենտէյլի հայկական երեք միջնակարգ վարժարաններու աշակերտութեան, որոնք կրցան իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել հայեցի մթնոլորտի մը մէջ։
4. Մաշտոց քոլեճ. հայկական արհեստագիտական այս քոլեճը մօտաւորապէս երեսուն տարի (1992-2023) ուսումնական յատուկ ծառայութիւն մատուցանեց հայ գաղութի զաւակներուն, որոնք այդ դասընթացքները աւարտելով, կրցան իրենց ուսումը ի սպաս դնել՝ հաստատելով մանկամսուրներ եւ կամ ծառայելով որպէս ուսուցիչներ։
5. Մխիթարեան Վարժարան, Լա Քրասենթա։
Բ. ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
1. «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթ (1978-2013)
2. «Նոր Հայաստան» օրաթերթ (1992-2015). այս օրաթերթը ձրիաբար տրամադրուեցաւ ժողովուրդին։
3. «Լրաբեր» (1978-1990)
4. The Armenian Observer (1969-2022)
5. Armenian Teletime (1978-2017)
6. Happy Harry Radio Hour (1956-2001)
Գ. ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Այնթապի Մշակութային միութիւն
2. Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւն
3. Մարաշի Հայրենակցական միութիւն
4. Չորք-Մարզպան Հայրենակցական միութիւն
Վերոյիշեալ միութիւններէն առաջին երկուքը արդէն բոլորովին լուծարուած են, իսկ վերջին երկուքը՝ թէեւ չեն լուծարուած, սակայն գործօն չեն։
Դ. ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
1. ՀԲԸՄի «Գրիգոր Սաթամեան» (նախկին «Արտաւազդ») թատերախումբ. այս թատերախումբը ամբողջ քառասուն տարի (1979-2019) վառ պահեց մշակոյթի հայաշունչ ջահը՝ Մեծն Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութին մէջ։ Թատերախումբը իր աւելի քան վաթսուն խաղացանկով, հանդէս եկաւ եւ խանդավառեց մեծն գաղութը։
Թատերախումբը իր հիւրախաղերով մեկնեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի հայահոծ քաղաքները, ինչպէս՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ֆիլատելֆիա, Մոնթրէալ ու Վենքուվըր։ Այսպէսով՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամենուրէք, մշակութասէր հասարակութեան մօտ։
Թատերախումբը մինչեւ իսկ մեկնեցաւ հեռաւոր Լիբանան եւ հանդէս եկաւ Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ՝ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որ մեծապէս գնահատեց մշակութային այս բացառիկ առաքելութիւնը։
Ե. ԵԿԵՂԵՑԻ
1. Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հոլիվուտ․ եկեղեցին քանդեցին որպէսզի նորոգեն, սակայն դժբախտաբար շինարարութիւնը չաւարտեցաւ եւ ուրեմն եկեղեցին մնաց անգործածելի։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Մշակոյթը՝ դպրոցներով, միութիւններով, մամուլով եւ եկեղեցիներով, միակ գրաւականն է հայապահպանման գոյատեւման՝ Սփիւռքի մեր դժնդակ պայմաններուն մէջ։
Ազգովին պէտք է տէր կանգնինք մեր դարաւոր մշակութային ժառանգին եւ պահպանենք զայն ամէն գնով, այլապէս՝ պիտի կորսնցնենք աւելի քան երկու հազարամեայ մեր ինքնութիւնը, որպէս հայ։
Որպէս եզրակացութիւն՝ ես պիտի ըսեմ․ «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի․․․ Յուսանք, որ ապագան աւելի լաւ օրեր վերապահած կ՛ըլլայ մեզի․․․»