Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի 9 Յունուարի յայտարարութենէն ետք, թէ՝ Խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող ատրպէյճանական վերջին առաջարկներուն մէջ կայ յետընթաց մը, 10 Յունուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւս նոյնը վերահաստատեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Կերափեթրիթիսի հետ Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Յունուարի 4ին, կարծեմ, արդէն մենք փոխանցել ենք հայկական հերթական առաջարկները: Այո, ես կ՛ասէի, որ բովանդակային առումով ադրբեջանական առաջարկների մէջ մենք տեսնում ենք որոշակի յետընթաց որոշ յօդուածներով տեքստի որոշ մասերում եւ որոշակի առաջընթաց մի քանի այլ ուղղութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան շարունակեց՝ ըսելով, որ փաստաթուղթի այս կամ այն յօդուածի յառաջընթացէն ու յետընթացէն առաւել առանցքայինը խաղաղութեան բանակցութիւններու սկզբունքներու պահպանութիւնն է. անոնց առաջինը իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն է՝ առանց երկիմաստութիւններու:
«Սա այն հարցն է, որտեղ առաւելագոյն յստակութիւն է պէտք, եւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է այս յստակութիւնն ապահովի: Նաեւ հասկանալիօրէն եթէ երկրների միջեւ սահմանների սահմանազատման գործընթացը կարող է երկար ժամանակ տեւել, առնուազն խաղաղութեան պայմանագրում մենք պէտք է տեսնենք այն յստակ հիմքերը, որոնց վրայ պէտք է հետագայում ընթանայ սահմանազատման գործընթացը», Ըսաւ Միրզոյեան:
Յաջորդ սկզբունքը, ըստ Միրզոյեանի, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումն է: Ան յայտնեց, թէ կարելի չէ ըսել, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաստատուել է խաղաղութիւն, եթէ Հայաստան շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ:
«Օրինակ` այն, որ այդ ենթակառուցուածքները պէտք է մնան կոնկրետ (յստակ) այդ երկրների ինքնիշխանութեան ներքոյ, մասնաւորապէս հայաստանեան հատուածը ենթակառուցուածքների` Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ, դրանք պէտք է գործեն մեր իրաւազօրութեան ներքոյ, եւ ամէն ինչ, ի հարկէ, պէտք է արուի հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներով», շեշտեց ան:
Պաքու վերջերս դարձեալ պնդեց, որ Հայաստան պէտք է Նախիջեւանի հետ ճամբայ տրամադրէ` առանց մաքսային ու սահմանային վերահսկողութեան` յղում կատարելով 8 Նոյեմբերի եռակողմ փաստաթուղթին:
«Կրկին, եթէ միայն Ադրբեջանը կարողանայ օգտագործել հայկական, ենթադրենք, երկաթուղիները, եւ Հայաստանը չկարողանայ օգտագործել ադրբեջանական երկաթուղիները, դա դժուար թէ արդար, հիմնարար եւ երկարատեւ լուծում համարուի», նկատել տուաւ Միրզոյեան:
Կերափեթրիթիս հաստատեց, որ Աթէնք եւս պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Պաքուի ու Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին մէջ: «Մենք կը կարծենք, թէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ պէտք է յստակօրէն հասցէագրուած ըլլան սահմաններու սահմանագծման հարցերը, որպէսզի հետագային բախումներ չըլլան: Կողմերը պէտք է շարունակեն աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Կը կարծեմ, որ կայ լուրջ, իրատեսական կարելիութիւն ապագային այս նպատակներուն հասնելու համար», ըսաւ Կերափեթրիթիս:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ Աթէնք պիտի շարունակէ աշխոյժ կերպով աշխատիլ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները խորացնելու ուղղութեամբ: Ըստ Կերափեթրիթիսի՝ Հայաստանի եւրոպական հեռանկարները շարունակել ընդգծելը կարեւոր է: «Ասիկա ոչ միայն կարեւոր է Հայաստանի ապագան ապահովելու համար, մարդոց կեանքի պայմանները բարելաւելու եւ կայունութիւն ստեղծելու համար, այլ նաեւ անիկա կարեւոր է Եւրոպայի համար»:
Միրզոյեան իր կարգին ընդգծեց, որ Երեւան տրամադիր է զարգացնել յարաբերութիւնները Պրիւքսէլի հետ` յոյս դնելով նաեւ Աթէնքի աջակցութեան վրայ: Ապա ան աւելցուց, որ այժմ Հայաստանի համար յատկապէս ապահովական հարթութեան վրայ կենսական նշանակութիւն ունի Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը, որ առաւել գործօն մըն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն երաշխաւորելու համար: