
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Ճէյմզ Օ՛պրայըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու արժանապատիւ խաղաղութեան, հակառակ անոր որ այդ ուղղութեամբ տակաւին աշխատանք կայ տանելիք:
«Առանց քանի մը հարցեր նկատի ունենելու՝ մենք շատ ոգեւորուած ենք, որ անոնք ունին յագեցած երկկողմ օրակարգ մը եւ կը քննարկեն իրենց տարակարծութիւնները: Դեռ աշխատանք կայ տանելիք, եւ մենք պատրաստ ենք աջակցելու: Մենք երկու երկիրներուն հետ ամբողջական յարաբերութիւններ ունինք՝ տնտեսական, ապահովական եւ քաղաքական կապեր եւ շատ կ՛ուզէինք, որ երկուքն ալ օգուտներ քաղէին խաղաղութեան համաձայնութենէն: Կը կարծեմ, որ ասիկա երկու կառավարութիւններուն համար ալ լաւ կարելիութիւն է՝ աւելին ընելու՝ յանուն իրենց ժողովուրդներուն», ըսաւ Օ՛պրայըն:
Ան «տպաւորիչ» նկատեց Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգը, Ատրպէյճանին մասին ալ ըսաւ, թէ այդ երկիրը «տարածաշրջանային զարգացման նպաստելու ծրագիրներ ունի», եւ, ըստ ամերիկեան կողմին, խաղաղութեան համաձայնութիւնը միայն պիտի նպաստէ այդ ծրագիրներուն:
«Կը փափաքէի կարելիութիւն ունենալ քննարկելու օրակարգի բոլոր հարցերը երկու երկիրներուն հետ՝ (Ատրպէյճանի մէջ) ձերբակալուած անձերուն վերաբերող մեր մտահոգութիւններէն մինչեւ երկկողմ հարցեր», ըսաւ Օ՛պրայըն:
Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել, պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ Լուիս Պոնոյի Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութեան վերաբերող հարցումի մը՝ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները կը հաւատայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարելիութեան: Ըստ անոր՝ իրենք պիտի շարունակեն այս ուղղութեամբ աշխատիլ, իսկ Լուի Պոնօ, արտաքին գործոց նախարարը եւ ուրիշներ կը շարունակեն աշխոյժ կերպով ներգրաւուած ըլլալ ասոր մէջ: