Սահմանազատման յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուարի աւարտին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան` նշելով, որ ճշգրիտ օրուան, ժամին եւ վայրին վերաբերող յաւելեալ համաձայնութիւնը պիտի գոյանայ շուտով:
Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ, ըստ նախնական համաձայնութիւններուն, հանդիպումին ընթացքին նախ պիտի քննարկուի յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծը, որուն մէջ պէտք է յստակօրէն սահմանուին միացեալ աշխատանքներուն մէջ օգտագործուելիք իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթերու եւ իրաւական հռչակագիրներու տեսակները, ճշդուին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վերջին տեղեկագրական քարտէսները, որոնք պատշաճ իրաւական հիմքերով կազմուած եւ տպագրուած են իրաւասու մարմիններու կողմէ եւ այլ հարցեր:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնախումբերու վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 30 Նոյեմբերին` Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորած յանձնաժողովները ցարդ ունեցած են 5 հանդիպումներ, մէկը` Երասխի հատուածին, 2ը` Տաւուշի մարզին եւ Ղազախի, մէկական` Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի մէջ: