Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուն կանչեց Իրանի իր դեսպան Նասիր Ապուլմուհսենը հիւսիսային Իրաքի վրայ Իրանի հրթիռային յարձակումներէն ետք` խորհրդակցութիւններու համար:
Յարձակումը կատարուեցաւ հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ: Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հեռահաս հրթիռներ արձակեց քաղաքին մէջ գտնուող թիրախներու ուղղութեամբ:
Հիւսիսային Իրաքի շրջանային կառավարութեան վարչապետ Մասրուր Պարզանի միջազգային ընտանիքին կոչ ըրաւ՝ «վերջ դնելու շրջանին մէջ Իրանի յարձակումներուն»:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը եւ յայտնեց, որ հարուածները ոչնչացուցին հակաիրանեան ահաբեկչական խմբաւորումներու ռազմակայանները:
«Իբրեւ պատասխան Իրանի թշնամիներուն վերջին ահաբեկչութիւններուն, Միջին Արեւելքի շրջանի կարգ մը հատուածներու մէջ հակաիրանեան ահաբեկչական խմբաւորումներու հետախուզական հրամանատարական կեդրոնները եւ թշնամիի հրամանատարական կեդրոնները հարուածուեցան Յեղափոխական պահակագունդի հրթիռներով», կ՛ըսուի պահակագունդի յայտարարութեան մէջ:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ կը յայտնէ, որ կարգ մը հրթիռներ արձակուեցան հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` «Մոսատ»ի գլխաւոր հրամանատարական կեդրոններէն մէկուն դէմ, այդ պատճառով կեդրոնը ոչնչացուեցաւ:
Նշենք, որ քաղաքին մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանը կը գտնուի այդ կեդրոնին մօտերը ։
Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի արաբական զանազան երկիրներու մէջ շիի դիմադրութեան ճակատին կոչ ուղղած էր հարուածելու թշնամին, ուր ալ ըլլայ ան:
«Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջմ սիոնականներուն կեդրոնը հարուածեցինք 11 հրթիռներով», յայտնեց Յեղափոխական պահակագունդի օդուժի հրամանատար Ալի Հաճիզատէ` աւելցնելով. «Չորս հեռահաս հրթիռներով յաջողութեամբ հարուածեցինք նաեւ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ հաւատադրուժ խմբաւորումներու կեդրոններ»:
Այս վերջին հրթիռները հարուածեցին Իտլիպի մէջ ահաբեկչական երկու խմբաւորումներու դիրքերը. անոնք արձակուեցան մօտաւորապէս 1200 քիլոմեթր հեռաւորութենէ մը:
««Մոսատ»ի կեդրոնատեղին թիրախ դարձնելու մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ», ըսաւ Իրաքի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Քասեմ Արաժի:
Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիա դատապարտեցին «Էրպիլի մէջ իրանեան անընդունելի հարուածները»: