ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 27 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ռոյս» շէնքի թիւ 314 սրահին մէջ (10745 Dickson Ct., Los Angele, Ca 90095) տեղի պիտի ունենայ միջդպրոցական հինգերորդ ճարտասանական մրցումը, որ այս տարի կ՛իրականացուի նշեալ համալսարանին Աշխարհի լեզուներու կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ։
Նաեւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մրցանքին պիտի մասնակիցին միջնակարգ վարժարաններէ աշակերտներ։
Միջնակարգ վարժարաններու մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին, իսկ երկրորդական վարժարաններունը՝ կ.ե. ժամը 2ին։
Այս տարի մրցումին պիտի մասնակցին ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Հայ Քոյրերու, Շամլեան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան, Մերտինեան, Սահակ-Մեսրոպ եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանները:
Իւրաքանչիւր վարժարանէ երկու աշակերտներ պիտի մասնակցին մրցումին. անոնցմէ մէկը իր ճառը պիտի արտասանէ հայերէնով, իսկ երկրորդը՝ անգլերէնով:
Ճարտասանութեան այս տարուան մրցումին դատակազմին մաս պիտի կազմեն՝ Արմինէ Ամիրեան, իրաւաբան Ալեքս Պասթեան, դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, Թերեզա Յովհաննիսեան, Արաքսիա Կարապետեան, դոկտ. Լիլիթ Քէշիշեան, Զաւէն Քիւրօղլեան, Անի Յովհաննէսեան Գէորգեան, Սեւ Օհանեան, տոքթ․ Շանթ Շխրտմեան եւ Վրոյր Թադէոսեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան ճարտասանական մրցումի յանձնախումբին համաատենապետներ Լարա Պետրոսեան եւ Քրիսթինա Խեշուաճեան կը յայտնեն, թէ սոյն ձեռնարկին նպատակն է՝ հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ՝ աւելցնելով, որ անիկա մէկ մասնիկն է աշխարհի տարածքին հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու Հայ Կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.aefweb.org կայքը: