Արցախի հիմնական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեամբ, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբ մը կազմուեցաւ: 18 Յունուարին այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան:
Ան նշեց, որ համաձայնած է յանձնախումբի անդամներուն առաջարկին՝ համակարգել անոր աշխատանքները:
«Առաջիկայում, երբ ամբողջանայ Յանձնախմբի կազմը, կը հրապարակուեն միւս անդամների անունները, ինչպէս նաեւ մանրամասներ անելիքների մասին: Այս պահին կարող եմ ասել, որ Յանձնախմբի գլխաւոր խնդիրը լինելու է միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքում ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւնը եւ հետապնդումը», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Օսկանեան:
Ըստ անոր՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իրականացնումը կրնայ մնայուն եւ կայուն խաղաղութիւն բերել: