Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ մտադիր է Փետրուար 2024ին այցելել Քիեւ` Ուքրանիոյ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու զէնքի նոր մատակարարումները:
Մաքրոն ըսաւ, որ Ֆրանսա շուտով Ուքրանիոյ պիտի փոխանցէ շուրջ 40 ՍՔԱԼՓ հեռահաս հրթիռներ, քանի մը հարիւր ռումբեր եւ «Սեզար» հրետանիներ:
«Չենք կրնար արտօնել, որ Ռուսիա յաղթէ, որովհետեւ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ բոլոր դրացիներուն ապահովութիւնը կասկածի տակ պիտի դրուի», ընդգծեց Մաքրոն: