
Հայաստանի դպրոցական համակարգին մէջ այս տարեշրջանին ներդրուած կրթական նոր չափորոշիչներուն (standard) համեմատ կազմուած Սմբատ Յովհաննիսեանի հայոց պատմութեան 7րդ դասարանի դասագիրքը վերջին շաբաթներուն, Հայաստանի մէջ սուր քննադատութիւններու եւ լայն քննարկման առիթ տուած է։ Այս մթնոլորտին մէջ, ԱՐՓԱ հիմնարկը նախաձեռնեց «Հայոց պատմութեան նոր դասագիրքեր. նպատակ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով առցանց քննարկումի մը։ Հիմնարկը յոյս ունի, որ քննարկման շրջանակները շատ աւելի լայն պիտի ըլլան, քան՝ նոր դասագիրքի քննարկման ընթացքին արտայայտուած թեր ու դէմ կարծիքները։ Քննարկումը պիտի չսահմանափակուի միա՛յն այս դասագիրքին քննութեամբ եւ արժեւորումով։
Քննարկման պիտի մասնակցին Սմբատ Յովհաննիսեան, Թամարա Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Ստեփան Աստուրեան: Զրոյցը կը վարէ՝ Արա Սանճեան։
Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Յունուարին, Խաղաղականի ժամով առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Ազգային պատմութեան դասագիրքերը կարեւոր դեր կը խաղան քաղաքացիներ կրթելու եւ քաղաքացիական գիտակցութիւն ձեւաւորելու աշխատանքին մէջ։ Անոնք կը նպաստեն ինքնագիտակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հանդէպ յարգանքի ու սիրոյ աճին: Նոյն ժամանակ, անոնց առաքելութիւնն է՝ աշակերտները աստիճանաբար ծանօթացնել պատմագիտութեան՝ իբրեւ գիտակարգի, նորագոյն զարգացումներուն։
Ստորեւ՝ հակիրճ տեղեկութիւններ մասնակցողներուն մասին.
– Թամարա Սարգսեան Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան Հանրակրթութեան վարչութեան պետն է եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի տարիքային եւ մանկավարժական հոգեբանութեան ամպիոնի դոկտորական թեկնածու: Ան «Շախմատ» գիտահետազօտական հիմնարկի գիտաշխատող է, Երեւանի թիւ 100 հիմնական դպրոցի հոգեբան, ինչպէս նաեւ հոգեբանութեան գիտահետազօտական կեդրոնի կրտսեր գիտաշխատող:
– Լիլիթ Մկրտչեան Հայաստանի Կրթութեան զարգացման եւ նորարարութիւնների ազգային կենտրոն հիմնարկի Կրթական նորարարութեան եւ հետազօտութեան վարչութեան պետն է եւ Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) համաշխարհային պատմութեան դասախօս: 2019-2020ին ան ղեկավարած է «Հասարակութիւն եւ հասարակական գիտութիւններ» առարկայախումբի առարկայական չափորոշիչի եւ ծրագիրի լրամշակման գործընթացը։ Ան հեղինակն է կրթական մեթոտական ձեռնարկներու եւ գիտական յօդուածներու:
– Սմբատ Յովհաննիսեան ԵՊՀ համաշխարհային պատմութեան դասախօս է: Ան մասնակցած է շատ մը միջազգային գիտաժողովներու, եւ անդամ է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի Գիտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ԵՊՀի պատմութեան բաժանմունքի Մեթոտական խորհուրդին եւ պատմութեան Գիտական խորհուրդին: Ան հեղինակն է Հայոց Պատմութեան 7րդ դասարանի նոր դասագիրքին եւ այլ ուսումնասիրութիւններու:
– Ստեփան Աստուրեան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Թրբանճեան հասարակական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնն է եւ կը դասախօսէ նոյն համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ: Ան եղած է Պըրքլիի համալսարանի Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան Հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժինի վարիչ, ուր ան դասաւանդած է հայոց պատմութիւն, արդի կովկասեան պատմութիւն եւ այլ նիւթեր: Ան անդամ է հայկական եւ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու խորհուրդի եւ այլազան հանդէսներու խմբագրական կազմերու: Ան հեղինակը եւ խմբագիրն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ եւ յետ-խորհրդային աշխարհի պատմութիւնը եւ քաղաքականութիւնը ուսումնասիրող գիրքերու եւ յօդուածներու:
– Արա Սանճեան Միշիկընի համալսարանի (Տիրպոռն) Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի վարիչն է եւ պատմութեան դասախօս՝ նոյն համալսարանին մէջ (2006էն ի վեր): Ան պատմութեան մագիստրոսի վկայականը ստացած է ԵՊՀի Պատմութեան բաժանմունքէն, ապա Միջին Արեւելքի արդի պատմութեան գծով դոկտորական վկայականը՝ Լոնտոնի համալսարանէն: Եղած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտութեան, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի վարիչը: Անոր հետազօտական աշխատանքին կիզակէտը կը կազմեն Հայաստանի ու հայութեան, Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհի պատերազմներու պատմութիւնը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Ան հեղինակած է մէկ գիրք եւ անգլերէնով, հայերէնով, ռուսերէնով ու ֆրանսերէնով բազմաթիւ յօդուածներ:
Սմբատ Յովհաննիսեանի հեղինակած դասագիրքին վերաբերեալ քննադատութիւններուն եւ հեղինակին հակափաստարկներուն ծանօթանալու համար այցելել https://files.constantcontact.com/48eec9aa801/63158ea2-ae07-4e1d-b2f3-cd0b5b02931a.pdf կայքէջը, իսկ քննարկումին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ www.arpainstitute.org/panel-presentation/ կայքէջը։