ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Լաչակի հարցը, որ աշխարհիկ կարգավիճակի շուրջ ստեղծուած բանավէճի պատճառաւ դարձեալ հրատապ հարց դարձած է Թուրքիոյ մէջ, սկսած է գլխացաւ պատճառել նաեւ եւրոպական երկիրներուն։ Դանիա, որ իսլամներու մասին հրատարակուած ծաղրանկարներով իր վրայ հրաւիրած էր իսլամ աշխարհի զայրոյթը, այս անգամ կողմնակից եղաւ կրօնական ազատութեան։ Երկրին աջակողմեանները, որոնք զօրավիգ կը կանգնին կառավարութեան, ուզեցին, որ Դանիոյ մէջ արգիլուի իսլամ կիներուն լաչակի գործածութիւնը հանրային վայրերու մէջ կամ կրթական համակարգէն ներս, զայն «նուաստացուցիչ ու ճնշի»չ համարելով, սակայն այս մերժուեցաւ վարչապետ Անտէրս Ֆոկ Ռասմուսընի կողմէ, որ պնդեց, թէ լաչակի գործածութիւնը անհատական հարց մըն է ու պետութիւնը իրաւունք չունի միջամուխ ըլլալու:
Երկրին Գերագոյն ատեանի նախագահ Թորպէն Մէլքիոր համամիտ գտնուեցաւ վարչապետին եւ ըսաւ. «Կարեւորը լաչակը չէ, այլ գլխուն մէջ գտնուածն է։ Կարեւորը ենթակային գիտութիւնն է»։
Դանիոյ մէջ լաչակի նկատմամբ այս ազատամիտ կեցուածքին կարելի չեղաւ հանդիպիլ Գերմանիոյ մէջ, ուր դատարան մը վճռեց, թէ ուսուցիչ մը իրաւունք չունի կրօնական կամ այլ տեսակի խորհրդանշաններով ճնշել աշակերտներուն վրայ, լաչակը անոնցմէ մէկը համարելով: Գերմանական քաղաքի մը բնակիչներէն՝ գերմանահպատակ 28 տարեկան թրքուհի մը, 2004ին վարժարանի մը մէջ ուզած էր ստանձնել գերմաներէնի եւ ուսողութեան ուսուցչուհիի պաշտօն, դատ բացած էր, երբ վարժարանի տնօրէնութիւնը այդ դիմումը մերժած էր լաչակի գործածութեան պատճառաբանութեամբ։