Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան՝ 287 կողմ, 55 դէմ եւ 4 ձեռնպահ քուէներով Շուէտի՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան համար տրուած հաւանութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն համար։ Այս հարցը Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին թնճուկի մը վերածուած էր։ Գործնականօրէն Շուէտի անդամակցութեան եւ «Էֆ. 16» ռազմական օդանաւերու գործարքին վերաբերեալ հարցերը կախուածութեան մէջ էին։
Թրքական մամուլի մեկնաբանները կը յիշեցնեն, որ այս գործընթացին մէջ Միացեալ Նահանգները միշտ Թուրքիայէն ակնկալած է առաջին քայլը։ Առ այդ, ներկայիս կ՛ակնկալուի, որ Թուրքիա կարենայ 40 արդիական «Էֆ. 16»ներ ապահովել, իսկ իր մօտաւորապէս 80 օդանաւերը կրնան արդիականացուիլ։