
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ Հինգշաբթի, 1 Փետուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հայ եւ բնիկ ամերիկացի մանուկներուն վրայ ցեղասպանութեան ազդեցութեան նուիրուած քննարկում մը։
Բանախօսն է՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղէն դոկտ. Քիթ Ուաթընփու։ Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» կեդրոնի սրահին մէջ (5245 N. Backer St.)։
Մուտքը ազատ է։
Ներկայացումին կարելի է հետեւիլ նաեւ կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: