Իսրայէլեան բանակը Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ, «Համաս»ի կողմէ յարձակումի մը ընթացքին 21 իսրայէլացի սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած են:
«Հաւանական է, որ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունես քաղաքը Իսրայէլին աւելի սուղ գին վճարել տայ, քան այն, ինչը վճարած էր հիւսիսի մէջ», անցեալ ամիս յայտնած էր Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը՝ կոչ ուղղելով «զինուորական գործողութենէն ակնկալութիւնները նուազեցնելու»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ «բանակը սկսած է յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կատարել:
երէկ յայտարարեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ֆրանսայի հետ գործակցաբար Կազա հասցուցինք շուրջ 11 թոն բժշկական օժանդակութիւններ, ներառեալ իսրայէլացի պատանդներուն համար դեղեր: Կազայի մէջ միջնորդութեան ջանքերը կը շարունակուին, եւ հրապարակուած կարգ մը տեղեկութիւններ անճիշդ են», երէկ յայտարարեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Բազմաթիւ անգամներ ընդգծեցինք, որ Իրանի հետ տարակարծութիւններու լուծման լաւագոյն ուղին երկխօսութիւնն է, եւ Քաթարը կը կարծէր եւ կը շարունակէ կարծել, որ շրջանին մէջ լարուածութեան վերջ տալը կապ ունի Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալուն հետ: Պէտք է իսկական մղում մը ըլլայ խաղաղութեան հոլովոյթի մը ուղղութեամբ, որուն առանցքը պաղեստինեան դատը ըլլայ: Կազայի մէջ արձանագրուող մագլցումը կ՛ազդէ ճգնաժամին վերջ տալու միջնորդութեան ջանքերուն վրայ, եւ մենք կը զօրակցինք Կարմիր ծովուն մէջ մագլցումը նուազեցնելու ձգտող բոլոր շրջանային ջանքերուն»:
Իր կարգին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի յայտնեց հետեւեալը. «Իսլամական երկիրներու մէջ կարգ մը պաշտօնատարներու կեցուածքները եւ յայտարարութիւնները սխալ են, որովհետեւ անոնք կը խօսին Կազայի մէջ զինադադարի մը հարցին մասին, որ իրենց կամքէն անկախ է եւ սիոնական թշնամիի ձեռքն է: Իսլամական երկիրներու պատասխանատուները պէտք է աշխատանք տանին հարցերու նկատմամբ, որոնց լուծումէ իրենցմէ կախեալ է»: Խամենէի աւելցուց, որ այդ հարցը «սիոնական գոյացութեան բազկերակները կտրելն է, եւ անոնք պէտք է կտրեն այդ գոյացութեան հետ իրենց քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, եւ ոչ թէ անոր օգնեն»:
Մինչ այդ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ ինք առաջարկած է Միջերկրական ծովուն մէջ արհեստական կղզի ստեղծել` այնտեղ պաղեստինցիները վերաբնակեցնելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա»ն:
Վերջապէս, ամերիկեան «Թայմ» թերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նկատմամբ համաշխարհային զօրակցութիւնը կը նահանջէ: Ըստ «Մորնինկ Քոնսալթ»ի հաղորդած տուեալներուն՝ 43 երկիրներէ 42ին մէջ նախապէս Իսրայէլին տրամադրուած զօրակցութիւնը նահանջած է: Հարցախոյզը կատարուած է 6 ցամաքամասերէ 43 երկիրներու մէջ: