Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտես Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան պատճառով Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մենք ականատես եղանք մարդասիրական այլ ճգնաժամի մըն ալ, որ կը վերաբերի տասնեակ հազարաւոր մարդոց: Այդ սուր մարդասիրական ճգնաժամը վերածուեցաւ տարածաշրջանէն հայ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթին: Մենք պէտք է ձեռնարկենք անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերու երկարաժամկէտ հարցերը հասցէագրելու համար: Նոյն ատեն, նախորդ Սեպտեմբերի իրադարձութիւններուն պատճառով, Հայաստանի աճող եւ հրատապ կարիքները պէտք է պատշաճ եւ համարժէք լուծում ստանան», ըսաւ Խրիստոտուլիտես:
Ան յայտարարեց, որ Կիպրոս կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման խաղաղ գործընթացին, ինչ որ, անկասկած, պիտի նպաստէ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ կայունութեան եւ զարգացման:
«Այդպիսի զարգացում մը դիւրացնելու եւ խրախուսելու որեւէ խթան պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած եւ մանրակրկիտ կերպով ծրագրաւորուած եւ անիկա իրականացուի», յայտարարեց Խրիստոտուլիտես։