Կեանքի մէջ երեւոյթ մը կայ, որուն կարիքը ունինք ամէնքս: Չկայ մէկը, որ ըսէ, թէ ինք ամենակարող է եւ ուրիշին օժանդակութեան կարիքը չըզգար: Այդ ստորոգելին՝ Ամենակարողութիւն, Աստուծոյ կը պատկանի ու միայն իրեն կը վայելէ:
Մենք գիտենք, որ երբ յանկարծ դժուարութեան մը կամ նեղութեան մը հանդիպինք, կ’ուզենք հաւատալ, որ յանկարծ զօրաւոր միջամտութիւն մը կրնայ մեզ դուրս բերել այդ նեղ կացութենէն: Զօրաւոր յոյս մը կ’ունենանք, ամուր հաւատքով մը կը փարինք այնպիսի հաւատքի առարկաներու, որոնց մասին շատ ալ չէինք մտածեր մեր առօրեայ կեանքի հեւքին մէջ: Մէկ խօսքով, երկնային միջամտութիւն մը կը փնտռենք, որուն պատահիլը սրտանց կը փափաքինք եւ կ’ուզենք, որ ճիշդ մեր ուզած պահուն պատահի անիկա մեզի: Սովորական հասկացողութեամբ «արտասովոր երեւոյթ» պիտի կոչէին անհաւատներ, իսկ մենք կը սիրենք այդ արտասովոր երեւոյթը «հրաշք» կոչել: Հրաշքը դէպքին կրօնական գումաւորում տուող բառն է, մինչ զարմանալի երեւոյթ, տարօրինակ դէպք եւ բազմաթիւ այդ կոչումներով կարելի է բացատրել զայն:
Բոլոր երեւոյթները նկատի ունենալով, կրօնական գումաւորումով այս բառը կը զատորոշուի զարմանալի բոլոր տեսակի երեւոյթներէն, գիտականօրէն սահմանուած բոլոր օրէնքները խախտելուն պատճառաւ:
Բնութեան մէջ շա՜տ հրաշազան երեւոյթներ կան, որոնք նախամարդուն հայեցողութեամբ ոչ միայն հրաշքի համազօր երեւոյթներ էին, այլ նոյնինքն հրաշքներ կը համարուէին: Այսպէս՝ փայլատակումը, շանթը, քամիին ուժը, ծաղկող ծառ մը եւ բնութեան տարբեր երեւոյթները իրենց կրած փոփոխութիւններով, նախամարդուն հասողութենէն վեր իրականութիւններ էին, որոնց դիմաց միայն կրնար բերանբաց մնալ ու ապշիլ:
Այստեղ կը յայտնուի ճշմարտութիւն մը, թէ հրաշքը գերմարդկային կարողութիւն մըն է: Ճիշդ ասոր համար է, որ մարդոց կողմէ կատարուած երբեմն դժուարին աշխատանքներ, գերմարդկային ճիգի արդիւնք կը համարուին եւ տուեալ անձեր յաւելեալ յարգանքի կ’արժանանան: Այս կեանքին մէջ մարդոց կատարած աշխատանքները, պարտականութիւնները առհասարակ անոնց կարողութեան չափին համաձայն կը տրուին: Յաճախ երբ աշխատանք մը կը յանձնարարուի անձի մը, կը թելադրուի կատարել զայն իր «կարելիութեան սահմանին» մէջ, որ անոր կարողութեան չափը ճշդելէ աւելի, կը նշանակէ, թէ մարդկայնօրէն կարելի՛ է իրագործել այդ աշխատանքը: Իսկ միւս կողմէ, պարտականութիւն ստանձնող անձեր ալ երբեմն կ’ըսեն. «Եթէ կարողութիւնս ներէ՝ կը կատարեմ այդ»: Սա ալ կը նշանակէ, թէ կրնա՛յ կատարել, սակայն փորձ մը պիտի ընէ, կատարեալ ու ամբողջական ձեւով ներկայացնելու աշխատանքին արդիւնքը:
Զինուորական ծառայութեան մէջ, կամ հրշէջային մարդասիրական անձնուէր ծառայութեան մատուցման ճամբուն վրայ նահատակուողներու պարագային, մեծ յարգանք կ’ընծայուի անոր՝ որ մարդկայնօրէն իր գերագոյն ճիգը ի գործ դրաւ կեանք մը փրկելու, կամ հայրենիքը ազատագրելու ճամբուն վրայ:
Այս բոլորէն տարբեր է անշուշտ երկնային միջամտութեան մը արդիւնք եղող հրաշքը: Անիկա ճիշդ է՝ գերմարդկային է, սակայն մարդկային բացառիկ ճիգով մը չէ, որ կը կատարուի, այլ ուղղակի Աստուածային միջամտութեամբ:
Յիսուսի երեքամեայ առաքելութիւնը լեցուն է հրաշքներով: Իր աշակերտները ինչ որ տեսան, վկայեցին այդ մասին, եւ այդ վկայութիւններուն մէջ, քրիստոնէական վարդապետութեան սկզ-բունքներուն կողքին կան նաեւ Յիսուսի կատարած հրաշքները, որոնցմէ միայն ոմանք վստահաբար արձանագրուած են այնտեղ:
Յիսուսի աստուածային բնութիւնը ժխտել միտող բազմաթիւ անհիմն բացատրութիւններուն մեծ մասը ուղղուած է անոր հրաշագործելու կարողութեան դէմ: Ինչպէ՞ս կրնայ մարդկային մարմին ունեցող մէկը, կատարել «անմարդկային», այսինքն մարդկային տրամաբանութեան համար անհասկնալի գործեր: Եւ իրենց այս հակաքարոզչութեան մէջ այնքան ծայրայեղութեան կ’երթան, որ դարձեալ անհիմն ենթադրութիւններով կ’ուզեն կախարդական, հմայական ուսմունքի հետեւած ներկայացնել Յիսուսը, ըսելով, թէ մինչեւ իր երեսնամեայ տարիքը, ան Ծայրագոյն Արեւելք մեկնեցաւ, ուր եւ տիրացաւ այս հմայական կամ կախարդական արուեստին: Սա ամբողջութեամբ բռնազբօս մօտեցում է: Աւետարաններուն մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կը գտնենք այդ մասին, ընդհակառակը, կան արտայայտութիւններ, որոնց ճամբով Սուրբ Գրոց մասնագէտներ կը յաջողին հաստատել, թէ Քրիստոս Պաղեստինի սահմաններէն դուրս չեկաւ:
Թէ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ հրաշքը, զանազան բացատրութիւններ գոյութիւն ունին այդ մասին:
Առնենք կոյրերու բժշկութեան պարագան: Բոլորդ ալ կը յիշէք, որ ճամբուն եզրին նստած կոյրը երբ լսեց, թէ Յիսուս կ’անցնի այդտեղէն, սկսաւ աղաղակել եւ ըսել. Յիսուս, որդի Դաւթի, ողորմէ ինձ: Այստեղ եթէ կայ Աստուածային կարողութիւնը մեր Տիրոջ, միւս կողմէ անոր ընդառաջ գացող մարդկային սրտին մղումը կայ, որուն կարողութիւնը եւս մեզմէ շատերուն յայտնի է: Ո՞վ չէ լսած իր սրտին ներքին ձայնը, որ գիտէ խօսիլ, լռել, պոռալ, որոշում առնել եւ նոյնիսկ առնուած որոշումը բարի կամ չար կամեցողութեամբ գործադրել: Այդ բարի կամեցողութիւնը հրաշքի գործադրութեան պահուն կը դառնայ համազօր հաւատք բառին: Բարի կամեցողութիւն ունի՞ս, կը նշանակէ հաւատք ունիս:
Կարելի՞ է մոռնալ Յիսուսի կատարած հրաշագործութիւններուն ընթացքին Անոր արարքը առաջնորդող նախադասութիւնը. Կը հաւատա՞ս, թէ կրնամ բժշկել քեզ: Կամ անոր նման ուրիշ նախադասութիւն մը, երբ մեր Տէրը ամբողջութեամբ միամտօրէն կը հարցնէր իր մօտ եկող հիւանդին. Ի՞նչ կ’ուզես, որ ընեմ քեզի: Յիսուս շատ լաւ գիտէր, թէ այդ անձը ինչո՞ւ եկած էր իր մօտ: Գիտէր, թէ ի՞նչ բանէ կը տառապէր ու մանաւանդ գիտէր, թէ ի՛նչ հաւատքով եկած էր ան: Սակայն կ’ուզէր ուղղակի իմանալ, լսել անկէ: Կերպով մը վկայութիւններ էին անոնք իր աստուածային կարողութեան մասին:
Հաւատքին դերակատարութիւնը հոգեբանական մթնոլորտն է հրաշքի մը կատարման: Անդամալոյծին բժշկութեան հրաշքի նկարագրութեան մէջ արձանագրուած կը գտնենք, որ Յիսուս զայն շալկողներուն հաւատքը տեսնելով, բժշկեց անդամալոյծը: Երբեմն մեր հաւատքը կրնայ ուրիշի մը կեանքին մէջ հրաշքներ գործել:
Հակառակ հաւատքին այնքան մեծ դերակատարութեան, սակայն Քրիստոսի համար անիկա պայման մը չէ: Փաստօրէն, Յիսուսի գործած հրաշքներուն մէջ կան այնպիսիներ, երբ բժշկուող անձը անգիտակից է եւ անոր հաւատալուն կամ չհաւատալուն հարցաքննութիւնը չի կատարուիր, կամ կարելի չէ կատարել: Հրաշքի մը կատարման մէկ մասը նաեւ ենթակային հաւատքին առնչելը կրնայ նաեւ հերետիկոսութիւն համարուիլ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Յիսուսի աստուածային հրաշագործ կարողութիւնը: Մինչ, Ան կրնայ որեւէ ատեն, ոեւէ անձի վրայ բժշկութիւն կատարել:
Կարգ մը պարագաներու, բժշկուելիք անձը հնարաւորութիւն չունի խօսելու կամ իր հաւատքը արտայայտելու Յիսուսի կատարելիք հրաշքին մասին: Այսպէս, դիւահար երեխան, որուն հայրը զինք կը բերէ նախ առաքեալներուն մօտ, եւ ապա երբ անոնք չեն կրնար բժշկել զայն, կը բերէ Յիսուսի մօտ: Այդ երեխան ինչպէ՞ս կրնար Յիսուսի հարցումին պատասխանել, երբ գետինները կը տապլտկէր ու բերանը կը փրփրէր: Կամ աւետարաններուն մէջ պատմուած ամէնէն տարօրինակ հրաշագործութիւնը, որ Ղազարոսի յարութիւնն էր: Չորս օրուան թաղուած մեռելը, որ երիզապինդ կապուած էր, ինչպէ՞ս կրնար Յիսուսի հարցումին պատասխանել, սակայն հրաշքը տեղի ունեցաւ: Հարցումներ են ասոնք, որոնք աներկբայօրէն կը հաստատեն Յիսուսի ամենակարողութիւնը իբրեւ Աստուած:
Բնականօրէն, ներկայ դարու գիտական յառաջդիմութեան մէջ հրաշքին իրականութեան համապատասխան ըլլալուն դիմաց մեծ հարցական մը կը դրուի ոչ միայն գիտնականներուն կողմէ, այլ նոյնիսկ պարզ մարդոց կողմէ, ըլլան անոնք ուսանողներ, թէ աշխատաւոր դասակարգ: Երբեմն, զարմանալիօրէն, հրաշքներուն ճշմարտացիութիւնը հարցականի տակ առնողներուն մէջ կարելի է տեսնել նաեւ հաւատացեալներ: Քրիստոսի կատարածը մարդկային, գիտական սահմանումներով կարելի չէ բացատրել, եւ ճիշդ հոն է աստուածային հրաշագործ միջամտութեան մեծութիւնը: Քրիստոսի կողմէ կատարուած բոլոր տեսակի հրաշքներուն միակ բացատրութիւնը՝ «Աստուծոյ մօտ անկարելի բան չկայ» հեղինակաւոր նախադասութիւնն է: Հաւատքը տիեզերքի գերագոյն Ուժին Աստուծոյ նկատմամբ պէտք չէ խախտի: Որովհետեւ ի՛նչ ձեւով ալ ուզենք բացատրել գոյացական աշխարհը, միշտ պիտի երթանք սկզբնաղբիւրին՝ Աստուծոյ: Իսկ այդ բոլորը գոյութեան բերող Ուժին դիմաց կարելի՞ է պատկերացնել, թէ Աստուած անզօր է Աւետարանին մէջ յիշուած հրաշքները գործելու: Մարդկային ֆիզիքական մարմնին վրայ կատարուած փոփոխութիւններ կամ բնութեան տարրերուն վրայ իշխանութիւն, սովորական պէտք է ըլլան այդ բոլորը գոյացնող Գերագոյն Էակին համար:
Ինչո՞ւ հրաշքները:
Այնպէս, ինչպէս կը կարդանք Աւետարաններուն մէջ, կարգ մը հրաշքներու կատարման պահուն, անոնք կը կատարուին Աստուծոյ փառքը ցոյց տալու համար: Ղազարոսի յարութեան պարագային ուղղակի յիշուած է ատիկա: Նաեւ՝ հրաշքները անոր համար, որ մարդիկ գիտնային Յիսուսի երկնաւոր առաքելութիւն մը ունենալը: Նիկոդեմոս, որ գիշերով կու գայ Յիսուսի մօտ, խոստովանելով այդ աստուածային առաքելութիւնը, կ’ըսէ. Վարդապետ, այն հրաշքները, զոր դուն կը կատարես, ո՛չ ոք կրնայ կատարել, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ: Ուրեմն Աստուծոյ ներկայութեան, Անոր անմիջական ազդեցութեան, մարդուն կեանքին մէջ ներգործութեան խորհրդանիշներ են հրաշքները: Երբ անկարելին կարելի դառնայ երբեմն, հաւատքի մէջ արթնութիւն կ’ապրինք: Ստոյգ մահէ մը երբ ազատինք, հազար ուխտերով ու աղօթքներով կը դիմենք Աստուծոյ եւ կատարուածը հրաշք իբրեւ կ’ընդունինք: Ծանր հիւանդութենէ մը երբ դուրս գանք, մենք կամ մեր հարազատներէն մէկը, եղածը շուտով հրաշքի համազօր կը նկատենք եւ կը խոստովանինք, որ Աստուա՛ծ փրկեց զայն:
Ահա այսպիսով պատասխանած կ’ըլլանք նաեւ այն հարցումին, թէ այսօ՞ր ինչու հրաշքներ տեղի չեն ունենար: Ամէն օր հրաշքներ տեղի կ’ունենան, սակայն կարեւորը մեր հոգեկան աչքերը բանալ ու զանոնք տեսնելն է: Հրաշք չէ՞ ամէն մէկ երեխայի ծնունդը այս աշխարհի մէջ: Եւ մէկ վայրկեանի մէջ ամբողջ աշխարհին տարածքին քանի՞ անգամ կը կրկնուի այս հրաշքը, հարցուցա՞ծ էք արդեօք: Ասոր նման բազմաթիւ հրաշքներ կան, որոնց կատարման չենք անդրադառնար, երբեմն ալ այնքան կը կատարուին, որ սովորական երեւոյթ կը թուին ըլլալ մեզի համար:
Հրաշքները ճանչնալու համար պէտք է հաւատանք հրաշագործին՝ Քրիստոսի, որուն ուժը, աստուածային կարողութիւնը ո՛չ միայն թերութիւններ սրբագրելու համար է, Աւետարաններուն մէջ յիշուած հրաշքներուն նման արարքներով, այլ Կեանք պարգեւելու եւ առաւել կեանքը…: