ՓԸՐԱՄԸՍ, Նիւ Ճըրզի.- Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ), Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հետ գործակցաբար՝ իրականացուց Սուրբ Ծննդեան յատուկ ծրագիրներ մանուկներու եւ պատանիներու համար։ 23 Դեկտեմբերէն 15 Յունուար, Հայաստանի առաւել քան 30 քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, ներառեալ սահմանամերձ գիւղերը, իրականացուեցան շուրջ 60 այդպիսի ծրագիրներ, որոնց ընթացքին, առաւել քան 10,000 մանուկներ եւ պատանիներ լսեցին Փրկչին Ծննդեան Աւետիսը եւ ստացան Սուրբ Ծննդեան նուէրներ։
Վարդենիսի ԱՀԱԸի եւ տեղւոյն եկեղեցիէն անդամներ այցելեցին 14 գիւղեր, որոնցմէ 12ը սահմանամերձ գիւղերու մէջ։ Սիսիանի ԱՀԱԸի եւ տեղւոյն եկեղեցիէն անդամներ սահմանամերձ 9 գիւղերէ մանուկներ տեղափոխեցին քաղաք, ուր անոնք վայելեցին Սուրբ Ծննդեան ներկայացում մը՝ Քրիստոսէն բխող ուրախութեան, սիրոյ եւ հոգատարութեան մասին։
Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ, մանուկները եւ պատանիները իւրայատուկ ներկայացումներով փոխանցեցին Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը, եւ ուր անոնք յայտարարարեցին. «Աստուծոյ սէրը այսպէս բացայայտուեցաւ մեզի հանդէպ։ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր միածին Որդին, որպէսզի ապրինք անոր միջոցով» (Ա. Յովհաննու 4. 9)։
Սուրբ Ծննդեան միջոցառումներէն ամէնէն ցայտունը ԱՀԱԸի Երեւանի կեդրոնին մէջ, տեղւոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներկայացուած բեմադրութիւնն էր։ 11էն 12 Յունուարին, առաւել քան 2200 մանուկներ եւ պատանիներ լսեցին Սուրբ Ծննդեան Բարի Լուրը, երբ ԱՀԱԸի «Հայասա» թատերախումբը, Նունէ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ՝ բեմադրեց «Ծնունդն Անտառում» ներկայացումը, եօթը անգամներ, տարբեր խումբերու համար։
Ներկայացումներու աւարտին, երբ կը հնչէր Սուրբ Ծննդեան երգը՝ դերակատարներէն մէկը մոմ մը վառեց եւ անոր լոյսը փոխանցեց ներկայացման ամբողջ «անտառ»ի բնակիչներուն եւ անոնք իրենց կարգին զայն փոխանցեցին հանդիսատես մանուկներուն։ Մութ սրահը անմիջապէս լուսաւորուեցաւ փոքրիկ լապտերներով՝ խորհրդանշելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը դառնայ Սուրբ Ծննդեան լոյսը կրողը, երբ կը ճանչնանք Յիսուսը եւ կը հետեւինք Անոր պատուիրաններուն։
Սուրբ Ծննդեան բոլոր միջոցառումներուն ներկայ գտնուող մանուկները իրենց հետ տարին Յիսուսի լոյսը խորհրդանշող լապտերները, ինչպէս նաեւ ամանորեայ ծրարներ՝ լի հետաքրքրական նուէրներով, իրարու աւետելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. ձեզի, մեզի Մեծ Աւետիս»։
«Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան մսուրէն բխող լոյսը լուսաւորեց միտքը եւ հոգիները հայ մանուկներու, որոնք իրենց կարգին պիտի մեծնան՝ լուսաւորելու հայրենիքը» ըսաւ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան՝ աւելցնելով. «ԱՀԱԸի նուիրատուները վառեցին այդ կայծը»։
Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն, որոնք համագործակցեցան մեզի իրենց նուէրներով, եւ Սուրբ Ծննդեան այս ուրախ ծրագիրներու միջոցով ժպիտներ եւ զուարճալի տօներ պարգեւեցին Հայաստանի եւ Արցախի հազարաւոր կարիքաւոր մանուկներու։
(Թղթակցութիւնը՝ ԱՀԱԸէն)