Վանեցի Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի հոգիները հանգիստ չունեցան իրենց նահատակութենէն ետք, մինչեւ որ հասաւ Յուլիս 25, 1897 թուականը:
Վանի ինքնապաշտպանութեան համար իրենց զէնքերը միացուցած արմենական, հնչակեան ու դաշնակցական խումբերը, իրենց խմբապետներուն ղեկավարութեամբ, զոհ գացին թրքական դաւադիր խաղին, որուն անմիջական մեղսակից հանդիսացած էր քրտական Մազրիկ ցեղախումբը:
Նորածին հայկական յեղափոխութեան համար դառն դաս մըն էր այս «խոստումին» հաւատք ընծայելը: Ու այս դասը ինչքան որ ուսանելի եղաւ հայութեան համար, Խանասորով արտայայտուած իր դաժանութեան մէջ նոյնքան ալ արդար եղաւ մազրիկցիներուն համար:
Արդար անոր համար, որ յստակ պատգամ մը փոխանցուեցաւ բոլորին, թէ հայը այլեւս անտէր-անօգնական չէ, որ կարելի չէ ըստ կամս վարուիլ անոր հետ: Իսկ այս պատգամը, որպէսզի առաւելագոյն յստակութիւնը ունենար, պէտք է ըլլար առաւելագոյն չափով դաժան: Դաժան, բայց ոչ անմարդկային: Առ այս, Շապուհի կանանոցը գերի բռնելէ ետք զայն ապահով Տիզբոն ուղարկած Մուշեղ Մամիկոնեանի նման, դաշնակցական ղեկավարութիւնը յստակօրէն կը հրահանգէր ֆետայիներուն՝ «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու քաջ ֆիտան»:
Այս պատճառով էր, որ գնդակները «կարկուտի» նման տեղացին Խանասորի դաշտին մէջ:
Խանասորի ծրագրի ուղեղն ու ոգին հանդիսացող Նիկոլ Դուման կը պնդէր, որ եթէ ուժ ցոյց չես տար, այն ատեն մարդիկ պատրաստ են քեզ յօշոտելու, տալով դանակի ու դմակի օրինակը:
Այսօր ուժ հասկացողութիւնը այլեւս միայն պողպատին ու զէնքին չ’առնչուիր: Ուժ է նաե՛ւ գիտութիւնը, նաե՛ւ արհեստագիտութիւնը, նաե՛ւ տնտեսութիւնը, բայց մանաւանդ՝ այս բոլորը համադրելու հնարամտութիւնը: Բայց եւ այնպէս, Դումանի թելադրանքը իր էութենէն ոչինչ կորսնցուցած է: Տիեզերական ճշմարտութիւն է: Օղ՝ բոլորիս ականջներուն, եթէ հետամուտ ենք մեր ազգային իտէալներու:
Այնպէս որ, երբ յաջորդ անգամ այցելէք Արցախ, դէպի Գանձասար տանող հիւսիս-հարաւ ճամբուն վրայ պիտի գտնէք նախկին Ղշլաղ, այժմ Ծաղկաշատ կոչուող գիւղը: Հոն կայ մեծ հայդուկ Նիկոլ Դումանի տունը՝ թանգարանի վերածուած, այցելեցէք հոն եւ յիշեցէք թէ՛ իր պատգամը եւ թէ «նուիրական այս օրը»՝ Յուլիս ամսու 25ը: