ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1921ի Ապրիլ 2ին, երբ Կարմիր բանակը մտաւ Երեւան եւ Հայաստանի անկախութիւնը վերջնականապէս վերացաւ, շուրջ հազար դաշնակցականներ, պետական պաշտօնեաներ, նախկին ֆետայիներ, սպաներ եւ համակիր զանգուած, չվստահելով համայնավարական վարչակարգին, Սիւնիքի վրայով անցան Պարսկաստան։
Սակայն շատ դաշնակցականներ մնացին հայրենիքի մէջ։ Նախկին ֆետայիներ թէ շարքային պարզ կուսակցականներ, նախընտրեցին մնալ եւ շարունակել իրենց կեանքը օտարի լուծին տակ, լծուելով խաղաղ կեանքի, իրենց ընտանիքին նուիրուելով եւ փորձելով շէնցնել հայրենիքը։
Սակայն խորհրդային վարչակարգը հաշտ աչքով չդիտեց անոնց։ Ժամանակի ընթացքին անոնց նկատմամբ սկսան բռնաճնշումներ, որոնք անդրադարձան նոյնիսկ անոնց ընտանիքի անդամներուն եւ ընկերական շրջապատին վրայ։ Այդ Դաշնակցականներէն շատերը ստիպուած դարձան փախստական եւ զոհ գացին պետութեան կողմէ անոնց դէմ կատարուող հալածանքներուն։
Հայաստանի բազմաթիւ գիւղերու մէջ, զանազան դրուագներ կը պատմուին այդ անծանօթ դաշնակցականներուն մասին։ Այդ դրուագները, նոյնիսկ եթէ ժամանակին հետ ուռճացուած են, անպայմանօրէն իրենց մէջ կը պարունակեն ճշմարտութիւն մը։ Միաժամանակ պէտք է ընդգծել, որ կրնան մոռացութեան ալ մատնուած ըլլալ բազմաթիւ իրողութիւններ։ Բերանացի կերպով պահպանուած այդ դրուագները նոյնքան դաստիարակիչ բնոյթ ունին, որքան ՀՅԴի գրաւոր պատմութիւնը։ Անոնց մէջ նոյն հերոսական, առաքինի եւ նուիրեալ դաշնակցականն է, որ կը շարունակէ գործել առանց կուսակցութեան որոշումներուն, հրահանգներուն կամ ծրագրումին, բայց կը գործէ դաշնակցականօրէն։
Այս անծանօթ դաշնակցականներէն մէկն է Հայկ Ստեփանեանը։ Երիտասարդ տարիքին միացած է Բաշ Գառնեցի Մարտիրոսի խումբին եւ իր մասնակցութիւնը բերած է 1905-06ի հայ-թաթարական կռիւներուն։ 1915ին, կամաւորական 2րդ գունդի հեծեալներու խումբին հետ կը մասնակցի Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան կռիւներուն հասնելով մինչեւ Մուշ եւ Սասուն։ Աւելի ուշ, դարձեալ Մարտիրոսի հրամանատարութեան տակ, մասնակցած է Բաշ Ապարանի հերոսամարտին։ 1918-1920ին, Մարտիրոսի խումբին հետ, թուրք-թաթարներէ կը մաքրագործեն Գառնիի շրջակայքը։ 1920ի աշնան, հայ-թրքական պատերազմին այս գունդը կը պաշտպանէ Մարգարայի կամուրջը եւ թուրքերուն չի յաջողիր այդ կամուրջը գրաւել։ Իսկ 1921ի Փետրուար 18ին, գառնեցիներու այս խումբն է, որ ապստամբութեան դրօշը կը պարզէ եւ կ՛ազատագրէ Երեւանը համայնավարներէն։ Սակայն, անկախութեան անկումէն ետք, ան չէ միացած նահանջող զօրքին եւ ընկերներուն մէկ մասին, մնալով իր հայրական գիւղը՝ Գառնի։
1920ի մայիսեան խռովութիւններու ժամանակ, Գառնիի դաշնակցական մարմինը Նիկոլ Դումանի ոգիով եւ սկզբունքով հրահանգ կը հանէ ձեռք չտալ կանանց։ Աւելին, հրահանգ կ՛ընէ՝ նման դէպքի պարագային տեղնուտեղը սպաննել կանանց ձեռք տուողին։ Հայկ Ստեփանեան կը հանդիպի տեսարանի մը, ուր հայ մը կը փորձէր բռնաբարել հայ համայնավարի մը յղի կինը։ Ան առանց երկար բարակ մտածելու կը սպաննէ այդ տղամարդը եւ կը փրկէ հայ կնոջ պատիւը եւ կեանքը։
Հայաստանի անկախութեան անկումէն ետք, խուսափելու համար համայնավարներու հետապնդումներէն, Հայկ իր երկու ընկերներուն հետ, կ՛ապաստանի Գեղարդի վանքը, ուր պահուըտած կը մնան աւելի քան մէկ ամիս։ Նախօրօք անոնք Դաշնակցութեան Գառնիի ամբողջ զէնքերն ու զինամթերքը կը տեղափոխեն Գառնի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ թաքստոցները։ Թէ՛ զէնքերէն եւ թէ իրենց ապաստարանէն տեղեակ եղած է միմիայն Գեղարդի վանքի քահանան, որ զիրենք կերակրած է այդ միջոցին։ Շուրջ մէկ ամիս ետք, այս երեք դաշնակցականները դուրս կու գան վանքէն։ Անհասկնալիօրէն, քանի մը օրուան մէջ, մէկը միւսին ետեւէն կը մահանան այս մարտիկները։ Գիւղացիները լռելեայն մատնացոյց կ՛ընեն քահանան, որ դանդաղօրէն մահացնող թոյն տուած է անոնց։ Այս վարկածը աւելի կը հիմնաւորուի, երբ իշխանութիւնները կը բացայայտեն Ս. Ամենափրկիչի զինապահեստը։ Աւելին, չորրորդ դաշնակցական մը, որ ապաստանած էր Գառնիի ձորի քարայրներէն մէկուն մէջ, նոյնպէս կը բացայայտուի եւ կը սպաննուի։ Նոյն քահանան տեղեակ եղած էր անոր թաքստոցի վայրէն։ Արդէն կասկածները աւելի հիմնաւոր էին։
Հայկի փոքր եղբայրը՝ Կոլիան, նոյնպէս դաշնակցական մարտիկ եւ սպաննուած չորրորդ դաշնակցականին փեսան, կը հետապնդէ քահանային եւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մուտքին կը սպաննէ զայն, լուծելով իր եղբօր եւ աներհօր վրէժը։ Կոլիա սպանութենէն ետք չի փախչիր, այլ կը սպասէ, որ գան եւ զինք ձերբակալեն։ Երկու օր ետք, համայնավար իշխանութիւնները ձեւական դատավարութենէ ետք կը գնդակահարեն այս խրոխտ դաշնակցականը։
Տարիներ անց, Հայկի քրոջ զաւակը՝ Վորոնցով Ստեփանեան, թեկնածու կը ներկայանայ կոլխոզի նախագահութեան (գիւղապետ)։ Անոր մրցակիցներէն մէկը կը հետաքրքրուի Վորոնցովի անցեալով եւ կը պարզէ, թէ ան դաշնակցականի ընտանիքէ կու գայ։ Կը տեղեկացնէ իշխանութիւններուն, որոնք բնականաբար զանց կ՛առնեն անոր թեկնածութիւնը։ Սակայն Վորոնցով չի հաշտուիր իր անձին նկատմամբ կատարուած անարդարութեամբ։ Ան իր գիտելիքներով եւ արժանիքներով աւելի բարձր էր քան իր մրցակիցը։ Ան կը հետաքրքրուի զինք «արժեզրկող» երիտասարդով եւ կը բացայայտէ, որ այդ ան զաւակն է այն յղի կնոջ, որուն փրկած է իր մօրեղբայրը։ Առանց տատամսելու, մօրեղբայրներուն յատուկ յանդգնութեամբ, կ՛երթայ այդ երիտասարդին տունը եւ անոր կ՛ըսէ.
– Իմ մօրեղբայրս սխալ ըրած է։ Պէտք է թոյլ տար, որ մօրդ բռնաբարէին եւ դուն վիժէիր ու լոյս աշխարհ չգայիր։
Ֆետայական շարժումի բնօրրան Տարօնէն հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու գտնուող Գառնիի մէջ տեղի ունեցած այս փոքրիկ դրուագները ցոյց կու տան, որ ժամանակը եւ հեռաւորութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած է դաշնակցական մարտիկի քաջութեան, բարոյականութեան վրայ։ Նոյն ոգիով, սկզբունքով եւ նուիրումով գործած է դաշնակցականը ամէնուրեք։ Գաղափարական այս նուիրումը եւ զոհաբերութեան ոգին խթանը հանդիսացած է, որ դաշնակցութեան շարքերը միշտ համալրուին նորերով, որպէսզի շարունակեն ծառայել Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։