12 Փետրուարին, Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիոթր Միխալքօ կանչուեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիփորթ»ը՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան:
Հանդիպումին ընթացքին, լուրջ մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ, ինչ որ, ըստ Պաքուի, «կը հակասէ այս առաքելութեան եւ անոր գործունէութեան վերաբերեալ նախնական համաձայնութիւններուն»:
Նշուեցաւ, որ՝ ի տարբերութիւն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ վստահութեան հաստատման յայտարարուած նպատակներուն, «առաքելութիւնը լայնօրէն կ՛օգտագործուի՝ իբրեւ հակաատրպէյճանական քարոզչութեան գործիք»:
Եւրոպական Միութեան դեսպանին ուշադրութեան յանձնուեցաւ այն, որ առաքելութիւնը դարձած է «հեռադիտակային դիւանագիտութեան գործակալ»՝ նպաստելով սահմանամերձ շրջաններ տարբեր եւրոպացի պաշտօնատարներու եւ ոչ-պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցելութիւններու:
Նախորդ օրերուն, Պաքուն հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է Հայաստանէն սահմանը ապօրինի կերպով հատած Չեխիոյ քաղաքացի մը: Պաքուն փորձեց կապ գտնել անոր եւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան միջեւ՝ Չեխիոյ քաղաքացին մեղադրելով լրտեսութեան մէջ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 12 Փետրուարին նաեւ յայտարարեց, թէ «Եւրոպական Միութեան առաքելութեան պատասխանատուութեան հատուածին մէջ սահմանի ապօրինի հատման փորձի վերջին դէպքը լուրջ ստուեր կը նետէ առաքելութեան յայտարարած նպատակներուն վրայ»:
«Այսպիսի գործողութիւններ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն՝ իբրեւ չէզոք դերակատար, վստահութեան ամրապնդման շուրջ առաքելութեան յայտարարուած նպատակներուն», յայտնեց նախարարութիւնը՝ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, որպէսզի Հայաստանի տարածքին տեղակայուած առաքելութիւնը գործէ իբրեւ չեզոք, քաղաքային եւ անզէն առաքելութիւն, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ մնայ որեւէ գործունէութենէ՝ ուղղուած Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, կամ գործունէութենէն, որ այս կամ այն կերպով կը վերաբերի անոր ապահովական օրինական շահերուն: