
Այս օրերուն, հայկական եւ ռուսական կողմերուն համար դարձեալ տիրական նիւթ դարձաւ Ռուսիոյ նախագահին Հայաստան այցելութեան պարագային զայն ձերբակալելու հաւանականութիւնը:
Արդարեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բրիտանական «Թելեկրաֆ»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յստակօրէն չպատասխանեց այն հարցումին, որ եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւան գայ, զայն պիտի ձերբակալե՞ն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան 12 օր առաջ պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային քրէական դատարանին: Հռոմի կանոնադրութեան միանալու քայլը յաւելեալ լարուածութիւն յառաջացուցած էր Երեւանի ու Մոսկուայի յարաբերութիւններուն մէջ, որովհետեւ ինքնին այդ դատարանը հրաման տուաւ Փութինը ձերբակալելու:
Լրագրողին շատ ուղիղ հարցումին՝ Փաշինեան պատասխանեց շատ հեռուէն եւ ըսաւ. «Դա իրաւական խնդիր է, քաղաքական հարց չէ, որը ես պէտք է քննարկեմ եւ որին պէտք է արձագանգեմ»:
Սակայն լրագրողը փորձեց իր հարցումը առաւել թիրախային դարձնել՝ եւ ըսաւ, թէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ Փութին Հայաստան գայ. «Իրաւական պետութիւն է, Հայաստանի Հանրապետութիւնում վարչապետն ունի իր լիազօրութիւնները, այդ լիազօրութիւնների մէջ երբեք ոչ մի պայմաններում եւ որեւէ պարագայում չի մտնում հարցի լուծումը՝ այդ մարդուն պէտք է ձերբակալել, թէ պէտք չի ձերբակալել», ըսաւ Փաշինեան:
Քրեմլինի արձագանգը չուշացաւ. Մոսկուա յստակ հաւաստացիումներ պահանջեց Երեւանէն: Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսոքով 12 Փետրուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նոր իրողութիւնը չի կրնար բացասաբար չանդրադառնալ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ, առ այդ, իրենք վճռած են հարցը քննարկել հայ գործընկերներուն հետ, մինչեւ Փութինի հաւանական այցելութիւնը Հայաստան:
Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան աւելի կանուխ յայտնած էր, թէ պետութիւններու գործող ղեկավարները անձեռնմխելութիւն ունին, ուրեմն, Ռուսիոյ նախագահին ձերբակալութիւն չի սպառնար, եթէ ան Հայաստանգայ:
Սակայն, Միջազգային իրաւունքի փորձագէտ Արա Ղազարեան այն կարծիքին է, թէ՝ չձերբակալելով Փութինը, Հայաստան պարզապէս պիտի խախտէ Հռոմի կանոնադրութիւնը:
«Աւելի իրատեսական է, որ եթէ Պուտինը գայ Հայաստան, Հայաստանը չի ձերբակալի, բայց դա չի նշանակում, որ դրանով Հայաստանը չի խախտի Հռոմի ստատուտը, Ռուսաստանում արդէն յայտարարել են, որ Պուտինի ձերբակալումը համարուելու է պատերազմի ակտ (արարք), դա նշանակում է, որ Ռուսաստանն իրեն իրաւունք է վերապահելու ռազմական ուժ կիրառել: Սա արդէն բաւարար է, որ Հայաստանը որոշի նրան չձերբակալել: Հաագայում (Լա Հէյի մէջ) էլ հասկանալով կը մօտենան այդ հանգամանքին, բայց միեւնոյն է՝ կ՛արձանագրեն, որ Հայաստանը խախտել է Հռոմի ստատուտը (կանոնադրութիւնը): Հիմա այնպէս չի, որ հէնց այդ պատճառով Հայաստանին կը հեռացնեն, բայց սկզբունքօրէն, իրաւաբանօրէն Հայաստանը եւ ցանկացած երկիր 124 երկրներից պարտաւոր են ձերբակալել ցանկացած անձի, ում նկատմամբ հետախուզում է յայտարարել դատարանը», ըսաւ Ղազարեան: