
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի վարիչ Ռուբիկ Գոլանեան քաղաքի հրշէջներու պետ նշանակեց Կրեկ Ֆիշը, որ հարուստ փորձառութիւն ունի այդ ոլորտին մէջ եւ 1987էն 2018 մաս կազմած է քաղաքի հրշէջներու սպասարկութեան, իսկ 2015էն 2018 եղած է քաղաքի հրշէջներու պետը։
2018էն ետք, Ֆիշ ստանձնած էր Քարփենթերա եւ Սամըրլենտ քաղաքաներու հրշէջներուն միացեալ սպասարկութեան ղեկը, մինչեւ անցեալ տարուան 30 Սեպտեմբեր, իսկ 1 Նոյեմբերէն սկսալ ստանձնած էր Կլենտէյլ քաղաքի հրշէջներու ժամանակաւոր պետի պաշտօնը։
Ֆիշ մասնակգիտացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ «Ուուտպըրի» համալսարաններուն մէջ։