ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Աղմո՜ւկ. ամէն տեղ, յատկապէս հայրենի մամուլին մէջ արձագանգ գտածները… Թերթեցի քանի մը էջեր եւ լսեցի մեր ազգին, հանրապետութեան եւ փողոցներուն աղմուկը: «Ֆիրդուսի շուրջ ստեղծուած աղմուկը չի դադարում», «Սահմանադրական աղմուկ. բլեֆ, թէ անհրաժեշտութիւն», «Նախատեսուում է կազմել Երեւան քաղաքի աղմուկի ամբողջական քարտէզ»: Իսկ վերջին օրերուն, երբ լսեցի, թէ «Դասագրքերի ոլորտում աղմուկը շատ է», որոշեցի ականջ տալ այս երկվանկ գոյականին եւ արձանագրել անոր գրական հին ու նոր թրթռացումները, որոնք եղեր են մերթ դառնաձայն, մերթ գարնանային, եւ ըստ Վահան Տէրեանի՝ մերթ զուարթ եւ մերթ դաժան, ու գրի առի ներկայ յօդուածս՝ առանց աղմուկ հանելու։
ԱՌԱՋԻՆ ԱՂՄՈՒԿԸ
Հայկական գրականութեան առաջին աղմուկը լսեցինք 405 թուականին, երբ քանի մը սուրբեր լուռ եւ խոնարհ թարգմանեցին Աստուածաշունչ մատեանը եւ զայն պճնեցին երեք զարմանաձայն արտայայտութիւններով. «Ամենակալին աղմկել զիրաւունս», «Ամենայն ինչ խառն ՛ի խուռն. արիւն, եւ սպանութիւն… աղմկութիւն» եւ «Աղմուկ մեծ յոյժ»: Պէտք է յիշել, թէ գրաբարին մէջ «աղմուկ» բառը կը նշանակէ «խառնակութիւն, իրարանցում, շփոթ վիճակ»: Առ այդ, բառս իր իմաստը զարգացուցած է ալիք-ալիք. աղմկել.- տակնուվրայ ընել, աղմկարար.- կռուազան, աղմկութիւն.- տակնուվրայութիւն: «Աղմուկ» բառը իր հզօրութեամբ չեղաւ «աղաղակ» մը, ոչ ալ՝ «ձայն», որոնք ունին հարիւրաւոր բաղադրեալ բառեր եւ արտայայտութիւններ: «Աղմուկ» բառը որոշեց մնալ, ինչպէս ըսեմ, խուլ, անձայն եւ գրական գործերու մէջ լսուիլ հազուադէպ՝ ընտիր պարագաներու:
ՔՆԱՐԱՁԱՅՆ ԱՂՄՈՒԿՆԵՐ
19րդ դարուն, գեղապաշտ հեղինակներ քնարական եւ փափուկ հնչիւն մը տուին «աղմուկ» բառին: Նախ Լեւոն Շանթն էր, որ զայն գրական երկի մը մէջ լսելի դարձուց՝ հաճոյք տալով մեր արեւմտահայ ականջին: Բնական գեղեցիկ պատկեր մըն էր անիկա. «Ականջ կը դնէի գետի խելագար աղմուկին: Կը ցանկայի այդպէս մնամ անշարժ այդ աղմուկին մէջ անվերջ խոհուն»:
Նոյն օրերուն, մեր միւս ականջը Վահան Տէրեանի գրիչէն լսեց հայկական գրականութեան ամէնէն գեղեցիկ «աղմուկ»ները: Առաջինը անջատման երգ մըն էր. «Ես քեզնից հեռացայ ու լացի… / Մենաւոր ու մոլոր մի նաւակ, / Մատնեցի փոթորկին աղմկոտ»: Թափառական տղան փնտռեց երջանկութիւն. «Կը զգամ համբոյրը ուրիշ օրերի»: Լսեցինք կովկասեան երեկոյի մը լռութիւնը. «Լայն ստուերները ընկան անաղմուկ, / Անոյշ նիրհեցին ծով, անտառ ու լեռ»: Տէրեան մեզի բացատրեց, թէ սէրը աղմուկի բացակայութիւնն է. «Շուտով կը լռէ աղմուկը դաժան, / Ու սիրտս կը զգայ քայլերդ փափուկ»: Ըստ Տէրեանի՝ իր մահուան աղմուկը կրնար զուարթ ըլլալ. «Ինձ թաղէք, երբ տխուր մթնշաղն է իջնում, / Երբ լռում են օրուայ աղմուկները զուարթ»: Վերջապէս հասկցանք, թէ Տէրեան աւելի երջանիկ էր իր յիշատակներուն մէջ. «Կեանքը լռում է, աղմուկը մեռնում. / Մի անծանօթ ձեռք նուրբ մթնշաղում / Անցեալն ու ներկան իրար է խառնում, / Իմ սրտում ոսկէ անձրեւ է մաղում»:
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԱՂՄՈՒԿՆԵՐ
Խորհրդային Հայաստան մեծ աղմուկ էր հայոց պատմութեան մէջ, նոյնպէս՝ անոր գրականութիւնը: Ահեղաձայն գրիչներ թոյլատրելի աղմուկի մէջ քիչ մը խաղաղութիւն եւ քիչ մըն ալ իմաստութիւն փնտռեցին: Եղիշէ Չարենց իր Անձնական տաղին մէջ, հազիւ թողած հայրենի Կարսը՝ օտարութեան աղմուկը լսեց. «Շուրջս մարդիկ, շուրջս դէմքեր հազա՜ր-հազա՜ր. / Շուրջս աշխարհն է աղմկում»: Իսկ Պարոյր Սեւակ անկեղծօրէն համոզուած էր, թէ ծիծաղելի էր այդ բոլորը. «Անկեղծ ասած՝ զուր էր ամբողջ այս աղմուկը»: Աղմուկի աւարտը… Ապա, ի՞նչ… 1951ին, Արարատի շրջանի Նոր Կեանք գիւղին մէջ ծնած բանաստեղծ, լրագրող Վարդան Վարդազարեան մեղմաձայն պատասխանեց. «Կեանքի աղմուկից յետոյ՝ / Շիրմաքար ու լռութիւն»:
ԳՈՒՆԱՒՈՐ ԱՂՄՈՒԿՆԵՐ
Երբ յոգնած էք քաղաքի, աշխատանքի, կամ կեանքի ժխորէն՝ փորձեցէք աղմուկի ճերմակ կամ շագանակագոյն կոչուած տեսակը: Թէեւ հայոց լեզուին մէջ նոր լսուող արտայայտութիւն է անիկա, սակայն դուք յաճախ, ինչպէս այժմ, իրիկնաժամուն, ձեր առանձնասենեակի խաղաղութեան մէջ, երբ այս յօդուածը կը կարդաք, հաւանաբար կը վայելէք զայն առանց նոյնիսկ զգալու անոր ներկայութիւնը: Ճերմակ աղմուկը քնոտ հնչիւն է, խորհրդաւոր երաժշտութիւն՝ ալիքներու, հովերու, անձրեւի արձանագրուած շշունջ… Հանգիստ քնանալու, ընթերցանութիւնը կամ մտաւոր աշխատանքը քաջալերելու համար է անիկա, բնութեան, կամ լարային քանի մը նուագարաններու ձայնը՝ տան մէջ:
ԲԱՐԴ ԱՂՄՈՒԿՆԵՐ
«Աղմուկ» բառով կազմուած բարդ բառերու թիւը աղմուկ բարձրացնելու սահմանին չէ հասած: Անշուշտ պիտի չարժէ անոր համար աղմուկ հանել ու լայն պարբերութիւն մը նուիրել անոր, սակայն, անհրաժեշտ է գոնէ մէկ երկու բառ լսել, որովհետեւ մեր առօրեային, մասնաւորապէս իրիկնային լուրերուն մէջ լսելի են անոնք: Ահա՛ քանի մը օրինակներ. հայու ժողովները «աղմկայոյզ» են, փողոցները «աղմկալից», ամբոխները «աղմկարար», ընկերային զրոյցները (ըստ օտարներու) «աղմկախառն», իսկ,- մամուլը վկայ-, սպանութիւնները, կրակոցները եւ տեսանիւթերը՝ «աղմկայարոյց»: Այդ բոլորիn մէջ միայն «աղմկահար» բառն է, որ ունեցաւ չանհանգստացնող տողիկ մը՝ շնորհիւ Միսաք Մեծարենցի նուրբ գրիչին. «Աղմկահար սոյլն ու արշաւն հովերուն»:
ԱՂՄԿԱՇԱՏ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայկական գրատպութիւնը անաղմուկ կոչուելու չափ քիչ թիւով գիրքեր ունեցած է «աղմուկ» անունով: Այն, ինչը ունինք երեք-չորս հրատարակութիւններ են՝ բոլորն ալ ժամանակակից: Կ՛առաջարկեմ ականջ տալ այդ խորագիրներուն, որովհետեւ անոնք ուշագրաւ գիւտեր են. «Ծաղկաձորի Կանաչ Աղմուկը», 1979, «Գարնան Աղմուկ», 1959, «Մեծ Քաղաքի Աղմուկը», 1962, բոլորն ալ՝ Խորհրդային Երեւանի մէջ լոյս տեսած:
ԶՈՒՐ ՏԵՂԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ
Հայկական գեղեցիկ արտայայտութիւն է «Զուր տեղը մեծ աղմուկ»: Մենք կրնայինք կարծել, թէ ժամանակակից կեանքի յատուկ երեւոյթ է անիկա, եթէ չըլլար Ռեթէոս Պէրպէրեանի դար մը առաջ գրուած հետեւեալ նկատողութիւնը. պոլսահայ մանկավարժը կ՛արտայայտուի Բերայի կամ Ղալաթիոյ փողոցներուն հայ նոր գրողներու մասին, որոնք սկսեր են կարծել, թէ «իւրաքանչիւրը մէկ մէկ Ֆլօպէռ, Զօլա, Կի տը Մօբասան է»: Պէրպէրեան կը քննադատէէ ըսելով. «Կարծես իրենց վարպետներուն տեղ դրած ու անոնց արտադրութեանց հեղինակ երազած են իրենք զիրենք, ապա թէ ոչ վէպի մը, քանի մը վիպակներու, քանի մը պատկերներու համար ներելի՞ է այսքան աղմուկ»: Աղմուկը սակայն գործածելի է եւ անհրաժեշտ, ինչպէս արհեստական, թեթեւ հազը՝ անտարբեր կամ բազմազբաղ պաշտօնեայի մը ուշադրութիւնը գրաւելու համար: Իսկ դուք կ՛ուզէք լսել «աղմուկ» բառին ամէնէն ծանօթ արտայայտութիւնը. «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի»:

ՔԱՂԱՔԻ ԱՂՄՈՒԿԷՆ ՀԵՌՈՒ
Հայաստանի մէջ, աւելի ճիշդ՝ մայրաքաղաքին մէջ, յայտնի է, որ աղմուկի տագնապ մը ունին, ինչպէս կը հաստատէ այն լուրը, զոր կը մէջբերեմ. «Նախատեսուում է կազմել Երեւան քաղաքի աղմուկի ամբողջական քարտէզ»: Լուծո՞ւմ. լուծումը գովազդներու մէջ է: Երբ Մաշտոցի, Չարենցի, Աբովեանի, Կոմիտասի կամ այլ պողոտայի մը եռուզեռին մէջ էք, յանկարծ կը հանդիպիք այսպիսի խոստմնալից գովազդներու. «Քաղաքի մէջ, բայց քաղաքի աղմուկից հեռու. Օ. Gardens», «Քաղաքի յոգնեցնող աղմուկից հեռու ձեր փոքրիկ դրախտը. Karuyut փայտէ տնակներ», «Քաղաքի աղմկից հեռու՝ քաղաքի լաւագոյն գարեջուրը. Blonder Hall»:
ՎԵՐՋԻՆ ԱՂՄՈՒԿԸ
Յարգելի ընթերցող, այսօր հասանք այլ յօդուածի մը աւարտին: Յուսամ՝ վաստակս աղմուկ չէր վասն ոչինչի: Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը՝ ձեզի կը մաղթեմ աղմուկէ եւ շփոթէ հեռու եօթը օրեր: