Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիները յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին ազատ չարձակուին, Իսրայէլ պիտի ընդլայնէ հարաւային Կազայի դէմ յարձակումը եւ մուտք գործէ Եգիպտոսի սահմանին վրայ գտնուող Ռաֆահ քաղաքը:
«Եթէ մինչեւ Ռամատան գերիները տուն չեն վերադարձած, կռիւը պիտի շարունակուի ամէնուր, ներառեալ Ռաֆահի շրջանին մէջ», ըսաւ Կանց:
Նշենք, որ իսլամներու համար սրբազան Ռամատանի ամիսը այս տարի կը սկսի 10 Մարտին:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուցած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, թէ զինուորական ներխուժումը «պէտք չէ կատարուի առանց հաւաստի եւ գործադրելի ծրագիրի մը` երաշխաւորելու համար ապահովութիւնը եւ աջակցութիւնը» Ռաֆահի քաղաքային բնակչութեան: Իսրայէլի բազմաթիւ արեւմտեան դաշնակիցներ եւս այդպիսի զգուշացումներ կատարած են: Սակայն Նեթանիահու ըսաւ, որ կը պատրաստուի ներխուժումի ծրագիր մը` յայտարարելով. «Անոնք, որոնք կ՛ուզեն մեզի արգիլել Ռաֆահի մէջ գործել, հիմնականին մէջ մեզի կ՛ըսեն` պատերազմը կորսնցուցէ՛ք. համաձայնութիւն ըլլայ կամ ոչ, պէտք է աւարտին հասցնենք դէպի ամբողջական յաղթանակ տանող աշխատանքը»:
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի պիտի ենթարկէ անմիջական զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծը, եթէ անիկա այս շաբաթ քուէարկութեան դրուի: Ըստ անոր՝ նշեալ նախագիծը պիտի վտանգէ ընթացող բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «թշնամական արարքներուն երկարատեւ լուծում մը» գտնելու ընդհանուր նպատակը:
Միւս կողմէ, Թել Աւիւ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա տա Սիլվան «անբաղձալի անձ» յայտարարեց, որովհետեւ ան Իսրայէլը մեղադրեց Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով: Պրազիլի նախագահը Իսրայէլի կատարածը համեմատած էր նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերի արարքներուն հետ:
Նաեւ, Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Մարթին յայտնեց հետեւեալը. «Աշխարհը ցնցուած է Կազայի մէջ անմարդկայնութեան մակարդակէն»: Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Եւրոպական Միութիւնը Արեւմտեան Ափին մէջ բռնարարքներ գործող իսրայէլացի բնակեցուածներուն դէմ պատժամիջոցներու հաստատման շուրջ միաձայնութիւն կը գոյացնէ:
Վերջապէս, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը սկսած է Կազայի արեւելքէն արեւմուտք երկարող ճամբայ մը կառուցել` Կազայի հիւսիսը անոր մնացեալ բաժիններէն անջատելու համար: