Շաբաթ, 10 Փետրուարի երեկոյեան, առաւել քան 300 համայնքային ղեկավարներու, շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, նուիրատուներու եւ հովանաւորներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Մերտինեան վարժարանի 40ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Ճանըթըն Քլապ»ի սրահին մէջ։
Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ առաւել քան 200,000 տոլար գոյացնել՝ շնորհիւ առատաձեռն նուիրատուութիւններու, որոնք պիտի նպաստեն վարժարանին համալիրը բարեկարգելու, ուսուցիչներու ամսականներուն յաւելում ապահովելու եւ կրթական մակարդակը բարելաւելու ջանքերուն։
Ընկերային պահէն եւ Ծնողական-ուսուցչական մարմինին կազմակերպած լուռ աճուրդէն ետք, պաշտօնական յայտագիրին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Ցոլեր Ուքայեան, իսկ հանդիսավարը դոկտ. Ալեքսիա Գէւոնեանն էր։ Քայլերգները կատարեցին ուսուցիչներ Մարթա Յովհաննիսեան եւ Աննա Զաքարեան, իսկ օրհնութեան աղօթքը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւի վեր. Հենրիկ Շահնազարեան։
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան առաջնորդին անունով սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Հայ աւետարանական համայնքի պատասխանատուներուն, վարժարանի տնօրէնին եւ մեծ ընտանիքին՝ բոլորին մաղթելով աշխատանքային անխափան ընթացք եւ նոր յաջողութիւններ:
Տօնակատարութեան ներկայ էր նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան։
Ընթրիքէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ եւ վարժարանի շրջանաւարտ Ներսէս Աբոշեան արտայայտուեցաւ վարժարանին մէջ իր փորձառութիւններուն մասին՝ երախտագիտութիւն յայտելով վարժարանի հիմնադիրներուն եւ իր ուսուցիչներուն, որմէ ետք ան երգեց դպրոցական տարիներուն իր սորված «Գետաշէն» երգը։
Ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանին նուիրուած տեսերիզ մը, իսկ դպրոցին յատկանշական իրագործումներուն եւ յաջողութիւններուն մասին խօսեցաւ տնօրէն դոկտ. Սիւզի Օհանեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ վարժարանին աշակերտութեան թիւը աւելի քան 100ով աճած է, մինչ ուրիշներ արձանագրուելու իրենց կարգին կը սպասեն։
Այնուհետեւ, վարժարանի շրջանաւարտներ Նորա եւ Գէորգ Պարտաքճեաններ վարժարանին անունով «Գերազանց Ուսուցչութեան» մրցանակը յանձնեցին իրենց մօր եւ վարժարանի երկար տարիներու ուսուցչուհի Սիւզի Պարտաքճեանին։
Ապա, Ներսէս Աբոշեան խօսեցաւ Ֆիլիփս ընտանիքին կողմէ վարժարանին եւ Հայ աւետարանական համայնքին ցուցաբերած յատկանշական աջակցութիւններուն եւ նուիրատուութիւններուն մասին եւ յատուկ մրցանակ մը յանձնեց ընտանիքին ներկայացուցիչներուն, իսկ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճորճ Ֆիլիփս։
Աւարտին, դոկտ. Ալեքսիա Գէւոնեան մանրամասնութիւններ տուաւ դրամահաւաքի նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որուն առաջին նուիրատուութիւնը կատարուած է դոկտ. եւ տիկին Վիգէն եւ Սօսի Ահարոնեաններուն կողմէ։
Տօնակատարութեան ընթացքին ներկաները վայելեցին Կրեկ Հօշարեանի եւ իր նուագախումբին կատարումները։