
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միշիկընի մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու նախագահական նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին «ոչ ոքի» քուէարկելու՝ հայութեան կեցուածքը շարք մը լրատուական աղբիւրներու ուշադրութիւնը խլած է։
Արցախի ցեղասպանութեան նկատմամբ Պայտընի վարչակազմին որդեգրած կրաւորական կեցուածքին պատճառով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Միշիկընի մօտաւորապէս 72,000 հայերուն կոչ ըրած էր, որ «ոչ ոքի» քուէարկեն։
Այս հակադարձութեան լայնօրէն անդրադարձան «Փոլիթիքօ»ն, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը, «Պի․Պի․Սի․»ն, USA Today-ը, «Ռիզըն»ը եւ շարք մը այլ լրատուական աղբիւրներ։