
Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր նախաձեռնած «Հորիզոն Կալա»ն տեղի պիտի ունենայ 11 Մայիսին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Ինթըրքանթինենթըլ» պանդոկին մէջ։
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան կը նշէ, որ ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին նախորդ տարուան իրագործումները եւ կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ միանայ թանգարանին ծրագիրը հովանաւորողներուն՝ զօրակցելով համայնքին ապագային համար կարեւոր հաստատութիւն մը հանդիսացող այս կառոյցի ծրագրին իրականացման։
Կլենտէյլի մէջ կառուցուող Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ցուցադրական խոհանոց մը, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Հովանաւորութեան կամ մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար դիել (818) 644-2073 թիւին։ Կը խնդրուի տեղերը ապահովել մինչեւ 30 Ապրիլ։