
Պաքու այցելող Ռուսիոյ վարչապետ Միխայէլ Միշուսթին Երեքշաբթի, 5 Մարտին հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։
«Մենք Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման յատուկ նշանակութիւն կու տանք», Ասատով հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Միշուսթին։
Մոսկուայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Ռուսիա-Ատրպէյճան առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Կողմերը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին ուժանիւթի, փոխադրութեան, արդիւնաբերութեան, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառները եւ այլ ոլորտներու մէջ համատեղ նախագիծերու խթանումը։