Երկուշաբթի օր, Մոսկուայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ալեքսանտր Լամպստորֆ կանչուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` գերմանացի սպաներու միջեւ Խրիմի կամուրջը հարուածելու խօսակցութիւններուն սպրդումէն ետք:
19 Փետրուարին, Մարկարիթա Սիմոնեան «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանէն հրապարակած էր գերմանացի սպաներու միջեւ խօսակցութեան ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք կը քննարկեն Սեւ ծովուն մէջ Քերչի նեղուցին ճամբով Խրիմի կամուրջը հարուածելու կարելիութիւնները: Սիմոնեան նշեց, որ զրոյցին մասնակցած էին Գերմանիոյ օդուժի հրամանատարութեան գործողութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Ֆրանք Կրիֆին եւ օդուժի քննիչ Ինկօ Կերհարց եւ գործողութիւններու կեդրոնի պաշտօնեայ Վինսքի Ուաֆրոտսթիտ: Անոնք քննարկած էին կամուրջը գերմանական «Թորուս» հրթիռներով հարուածելու կարելիութիւնները:
«Գերմանիոյ կեցուածքին վերաբերեալ բացատրութիւն կը պահանջենք, եւ Պերլին պարտաւոր է այդ բացատրութիւնը անմիջապէս ներկայացնելու: Հարցումներուն պատասխանելէ խուսափելու փորձերը մեղաւորութեան խոստովանութիւն պիտի նկատենք», «Թելեկրամ»ի միջոցաւ յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գերմանիոյ դէմ տեղեկատուական պատերազմ կը վարէ», մեկնաբանելով գերմանական բանակի բարձրաստիճան զինուորներու գաղտնալսուած զրոյցին հրապարակումը՝ յայտարարեց Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուս՝ աւելցնելով. «Խօսքը ապատեղեկատուութեան նպատակով կատարուած է։ Տեսական էր քննարկում մըն էր խառնածին յարձակումի մը հաւանականութեան մասին խօսակցութիւնը: Մենք պէտք չէ տարուինք Փութինի հնարքներէն: Սպրդումին գծով հետաքննութիւն կը կատարուի»:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ քննարկումին մասնակցած պաշտօնատարներէն մէկը անապահով գիծով մը միացած էր խօսակցութեան։