ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մարիանա Աբրահամեանը եւ Լեւոն Պատեմեանը երկու երիտասարդ հայորդիներ են, որոնք հայկական ընտանիք-տուն կազմած են Հայաստանէն դուրս` Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ: Մարիանան երիտասարդ երաժիշտ-դաշնակահար է, որ իր ուսումը ստացած է նախ Նորվեկիոյ մէջ, 2014-2016ին, ապա հասած է Կլասքօ եւ ստացած մագիստրոսի վկայականը` իբրեւ ընկերակցող դաշնակահար: Ան ապա աւելի կատարելագործած է իր ուսումը եւ վերջերս ստացած է դոկտորական վկայականը` նոյն մասնագիտութեան մէջ:
Կը զրուցէի այս երիտասարդ զոյգին հետ, որոնք կեանքին կը նային իբրեւ խոստմնալից հայեր` բարձր իտէալով եւ լաւագոյնին ձգտելու կամքով: Ինչպէ՞ս չունենալ իտէալ եւ կամք, երբ հայեր են` եկած Հայաստանէն, եւ Մարիանային իսկ վկայութեամբ` «Հայաստանը ամէն ինչ է»:
«Ընտանիքիս անդամները հայրենասէր եղած են եւ մեզի փոխանցեցին ազգային ինքնութիւն ու մայրենի լեզու, որպէսզի խօսինք եւ գրենք հայերէն», ըսաւ Մարիանան: Երիտասարդ երաժիշտը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնէ օտարին: Ան երկու անգամ` 2018ին եւ 2019ին, նուագած է Չարլզ իշխանին (այժմ` թագաւոր) ներկայութեան, երբ մեկնաբանած է Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ը: Մարիանային երիտասարդ տաղանդը չէ սահմանափակուած միայն Սկովտիոյ մէջ: Ան եղած է Պուէնոս Այրէս եւ Լոնտոն, ուր մասնակցած է հաւաքական համերգներու եւ ներկայացուցած է հայկական ու օտար յօրինումներ:
«Հայկական մշակոյթը մեր ուժն է եւ մեր շարժիչը», ըսաւ Մարիանան: Ան այս մշակոյթով խիզախօրէն մտած է «օտար» կեանքերու մէջ, եւ եթէ հաստատ քայլերով յառաջ կ՛ուզէ երթալ, բայց նոյնքան նաեւ հայը եւ անոր մշակոյթը կ՛ուզէ ներկայացնել: Հոս տեսայ հայ երիտասարդուհին, որ չի բաւականանար միայն իր անձնական յաջողութիւնները կերտելով: Ան կը գիտակցի հայուն յաջողութեան եւ կ՛ուզէ իր բաժինը բերել այս գործընթացին մէջ: «Հայութիւնը իմ մէջս է։ Ես հպարտ եմ իմ ազգանունովս եւ միշտ ալ տեսած եմ, որ հայ ըլլալը բազմաթիւ յաջողութիւններ բերած է ինծի», ըսաւ Մարիանան:
Մարիանան մասունքի նման կը պահէ իր հայկական անձնագիրը: «Ես կ՛ուզեմ պահել զայն, նոյնիսկ երբ ուրիշ քաղաքացիութիւն ալ ստանամ»: Մարիանան երախտապարտ հայն ու հայաստանցի քաղաքացին է: «Իբրեւ երաժիշտ` իմ կատարելագործումս կատարեցի Հայաստանէն դուրս, բայց իմ մասնագիտութեանս հիմքը դրուած է Հայաստանի մէջ», ըսաւ Մարիանան:
Չուշացաւ Մարիանային գոհունակութիւնը եւ արժեւորումը: «Ես սորվեցայ լաւագոյն դասախօսներէն Արմէն Բաբախանեանի շունչին տակ եւ կ՛ուզեմ կատարելագործումս իրականացնել Հայաստանի համար», ըսաւ ան:
Մարիանան յստակ ըրաւ, որ քաղաքական գործիչ չէ: Այդ մէկը շատ ակնյայտ էր, քանի կը զրուցէի երիտասարդ դաշնակահար-արուեստագէտի մը հետ, որուն սիրտը կը տրոփէ հայու մշակոյթով: Սրտի տրոփումներուն մէջէն դուրս կը հանէր իր տաղանդը, որ յստակ կերպով կ՛արտացոլար մատներուն եւ դաշնակին հետ ու անոր վրայ ստեղծուած արուեստով եւ երաժշտութեամբ:
Սակայն Մարիանան ունի տեսակէտ Հայաստանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: «Կը ցանկամ Հայաստանի կառավարող ուժի հասունութիւնը տեսնել, որովհետեւ մեզի պէտք է հայոց պատմութեան այս ամօթալի էջէն շտապ վերականգնիլ եւ շտկել մեր մէջքը։ Այս կրնանք ընել` ճիշդ ղեկավարութիւն մը ստեղծելով եւ միասնական ջանքերով», ըսաւ Մարիանան:
Մարիանան կը տեսնէ Հայ եկեղեցւոյ ուժը եւ կը հաւատայ անոր, նշելով․«Ես կը հաւատամ միասնականութեան, որ կը ստեղծուի եկեղեցւոյ շուրջ: Իբրեւ հայ, իմ ուժս կը ստանամ հայկական եկեղեցիէն, եւ եկեղեցւոյ շուրջ պէտք է համախմբուինք»: Մարիանան իմ առջեւս դրաւ իր երազ-փափաքը՝ «Կ՛ուզեմ տեսնել, որ օր մը Սկովտիոյ մէջ հայկական եկեղեցի մը ունենանք»:
Այսօր Սկովտիոյ մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս երեսուն հայեր: Մեծ թէ փոքր թիւով հայորդիներ պէտք ունին հայկական շունչին, որ հայուն պիտի տայ ապահովութիւն եւ վստահութիւն:
Լեւոնը հանդարտ կերպով կը հետեւէր մեր խօսակցութեան: Ան համացանցի եւ համակարգիչներու ապահովական ցանցերու մասնագէտ է: Կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը: 2000էն ի վեր Լեւոն կ՛ապրի Սկովտիա: Բայց այդ երկար տարիներու սփիւռքեան կեանքը Լեւոնին համար աշխարհագրական եւ ֆիզիքական բնակութիւն եղած է միայն: Լեւոնի հոգին եւ ներաշխարհը Հայաստան է: «Հայաստանը իմ ծննդավայրս է: Աշխատանքի համար այս երկիրները եկանք: Եթէ պայմանները լաւ ըլլան, կ՛ուզեմ վերադառնալ Հայաստան: Մեր տունն է, մեր լեզուն է», ըսաւ Լեւոն:
Լեւոնը կը փնտռէ, բայց նաեւ կ՛ապրի հայկականն ու հայուն կենցաղը: «Հայ ըլլալը ընկերներուդ վստահիլն է, զանոնք սիրելն է: Ընկերներ եւ ընտանիք կապը տարբեր է հայութեան մէջ», ըսաւ Լեւոն:
Մարիանան եւ Լեւոնը նոյնքան կ՛ապրին հայուն` իրենց ցաւը` Ցեղասպանութիւնը: «Կոմիտաս վարդապետը շատ յօրինումներ ունի Ցեղասպանութեան հոգին արտացոլացնող, եւ ես զանոնք կ՛արտայայտեմ իմ արուեստիս ընդմէջէն։ Մեզ զրկեցին մեր հողէն ու մեր պատմութենէն, եւ մենք դարձանք Սփիւռք: Բայց մենք վճռած ենք պահել մեր ինքնութիւնը», եղաւ Մարիանայի ինքնավստահ հաստատումը:
«Մեզ փորձեցին ջնջել, բայց երբեք չյաջողեցան», եղաւ Լեւոնի մասնակցութիւնը մեր խօսակցութեան: «Հայ ազգը միասնական պէտք է ըլլայ, որպէսզի զիրար պահենք, եւ նոյն պատմութիւնը դարձեալ չկրկնուի», ըսաւ Լեւոն:
Մարիանան եւ Լեւոնը նաեւ կ՛ապրին Արցախի կորուստը եւ անոր ցաւը: «Շատ մեծ ցաւ կ՛ապրիմ», ըսաւ Լեւոն: «Առանց Արցախի` Հայաստանը թերի է», աւելցուց Մարիանան:
Լեւոնը Եռաբլուր չէ եղած, բայց Սկովտիայէն կ՛ապրի անոր մռայլութիւնը: «Եռաբլուրը մռայլ իրականութիւն է: Հայը պէտք է ջնջէ այս մռայլութիւնը», ըսաւ ան:
Հայաստանի «Ալաշկերտ» ֆութպոլի խումբը Կլասքոյի մէջ խաղցած է տեղական «Սելթիք» խումբին դէմ, եւրոպական մրցաշարքերու ծիրին մէջ: Աւելի քան 60,000 հանդիսատեսներու մէջ հոն էին նաեւ հինգ հայեր: Այդ հինգ հայերուն շարքին էին Մարիանան ու Լեւոնը:
«Հինգ հայերով վեց հայկական դրօշակներ բարձրացուցինք։ Անկախ անկէ, որ հայկական խումբը պարտուեցաւ, մենք հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք», ըսին Լեւոնը եւ Մարիանան:
Կը նայէի այս հայ երիտասարդ զոյգին դէմքերուն եւ կը հրճուէի` տեսնելով անոնց հպարտութիւնը: Երիտասարդ հայերու հպարտութիւնը: Հպարտութիւն, որ կը լեցնէր անոնց կեանքերը` սփիւռքեան այս մէկ ծայրամասին մէջ: Անոնք հայկական դրօշակը բարձր պահելով` նաեւ բարձր կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն եւ հաւատքը: Ու տակաւին… Հայաստանը:
Հայուն պատմութեան այս դժուար եւ բախտորոշ օրերու ժամանակահատուածին մէջ հայը պէտք է իր հայկական դրօշակը բարձր պահէ: Դրօշակը բարձր պահելով` բարձր կը պահենք մեր հպարտութիւնը, նոյնիսկ երբ ճզմուած ենք: Ու տակաւին, երբ յուսահատ ու յուսախաբ ենք:
Եթէ որոշած ենք դուրս գալ այս իրավիճակէն, եւ անպայմանօրէն` այո՛, այդ կը նշանակէ, թէ «մեր դրօշակը բարձր պիտի պահենք»: Դրօշակը` իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ: Մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը եւ լեզուն: Եւ` հպարտութիւնը: