ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Արցախեան 44օրեայ պատերազմի պարտութեան հետեւանքներէն մեծագոյնը տակաւին կը յամենայ։ Տակաւին չեն ամոքած հայ ժողովուրդի հոգիները եւ միտքերը։ Հայրենիքի հսկայական մէկ հատուածին կորուստը եւ հազարաւոր երիտասարդներու նահատակութիւնը չեն սպիացած։ Իսկ պատերազմը եթէ պաշտօնապէս կանգ առաւ 9 Նոյեմբեր 2020ին, ապա տարբեր ձեւերով շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի։ Արդէն թշնամի բանակը գրաւած է Հայաստանէն հատուածներ եւ պատրաստակամութիւն չի ցուցաբերեր դուրս գալու։
Ատրպէյճանական սողացող այս պատերազմին զուգահեռ, հայ ժողովուրդին դէմ կը մղուի հոգեբանական պատերազմ։ Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական աւարտէն ետք, հայութեան հաւաքական հոգեբանութենէն սկսած էր վերանալ զոհի, պարտուածի եւ անզօրի հոգեբանութիւնը։ Ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ սկսած էր ամրանալ ինքնավստահութիւն սեփական ուժերու նկատմամբ։ Դժբախտաբար այս հանգրուանը այնքան կարճ տեւեց եւ 2020ի պատերազմի կորուստը այնքան մեծ էր, որ այսօր հակառակ հոգեվիճակը կը տիրէ համայն հայութեան մէջ։
Ո՞վքեր են այս հոգեբանական պատերազմի հեղինակները։
Ա. Արտաքին ուժեր։ Առաջին հերթին մեր հարեւան-թշնամիները, որոնց ղեկավարները այլազան յայտարարութիւններով յաճախ խուճապ, վախ եւ ընկճուածութիւն կը տարածեն հայ հասարակութեան մէջ։ Այս յայտարարութիւնները քաղաքականէն աւելի բարոյահոգեբանական միտում ունին։ Թշնամին հասկցած է հայութեան անպաշտպան ըլլալու հոգեվիճակը եւ առաւելագոյն չափով կը փորձէ ճնշել հայ հասարակութիւնը։ Արտաքին ուժերու այս արշաւին միացած է նաեւ ռուսական քարոզչամեքենան, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ կատարած իր հակաքարոզչութեամբ, նոյնպէս կը փորձէ հոգեբանօրէն ճնշել հայութիւնը, քաղաքական շահեր ապահովելու միտումով։
Բ. Հայկական լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցերը։ Դժբախտաբար, մասնաւորաբար հայրենի մամուլը դարձած է ապատեղեկատուութեան որջ, որ կը ծառայէ միմիայն մեր թշնամիներու շահերուն։ Սուտի տարածումը այնքան բնական դարձած է, որ նոյնիսկ զայն տարածողները երբեմն իրենք կը հաւատան այդ սուտին։ Ընկերային ցանցերու վրայ այս ապատեղեկատուութեան եւ սուտի տարածման կը մասնակցին մեծ թիւով անհատներ, որոնք երբեմն կասկածելի կամ կեղծ անուններով օտարներ են, շատ յաճախ հայեր, որոնք միայն ու միայն ժխտական եւ յոռետեսական լուրերով եւ գրութիւններ տարածելու աշխատանքին լծուած են։ Այս ապատեղեկատուութեան նպատակը պարզ է ու մեկին՝ կոտրել ժողովուրդի դիմադրողականութեան ոգին։
Գ. Քաղաքական ուժերը։ Առաջին հերթին Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք իրենց ապիկար եւ զիջողական քաղաքականութիւնը արդարացնելու պատրուակով, երեք տարի է ի վեր հայ ժողովուրդին կը ներարկեն անզօրութեան զգացումը։ Հայ կեանքին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները նոյնպէս մասնակից են այս ազգակործան երեւոյթին։ Տարուած հատուածական եւ մասնակի նկատառումներէ, քաղաքական կուսակցութիւնները նշանախօսքերէ դուրս չգալով, ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կը հարուածեն հայութեան դիմադրողականութեան։
Ի՞նչ պէտք է ընել այս աղէտին առաջքը առնելու համար։
2001ին պատրաստուած Enemy At The Gates ֆիլմին մէջ կայ ուշագրաւ դրուագ մը։ Գերմանական բանակը հասած է Ստալինկրատ եւ ռուսական բանակը արդէն անզօր դարձած է քաղաքը պաշտպանելու։ Գերմանական բանակի զինուորական գերակայութիւնը ակներեւ է։ Քաղաքը գրեթէ քանդուած է, ամէնօրեայ զոհեր հազարներով են։ Յուսալքութիւնը եւ պարտուողականութեան հոգեվիճակը համատարած դարձած է ռուսական զօրքին մէջ։ Այս պայմաններուն մէջ, Նիքիթա Խրուշչեւ կը ղրկուի Ստալինկրատ, ռազմաճակատի հրամանատարութիւնը ստանձնելու։ Քաղաքը պաշտպանող սպաներու հետ իր հանդիպման ժամանակ, երիտասարդ սպայ մը, որ բանակի քարոզչական մեքենայի պատասխանատուն էր, դիմադրութիւնը վերակազմակերպելու համար, Խրուշչեւին կ՛ըսէ․ «Յոյս տուէք անոնց (զինուորներուն)։ Պէտք է յաղթանակի ոգեւորութիւն եւ հաւատքը ամրացնել անոնց մէջ եւ այդ պատճառով պէտք են հերոսներու կերպարներ, որոնց պէտք է հետեւիլ եւ հասնիլ յաղթանակին»։
Ռուս սպային այս միտքը աւելի քան այժմէական եւ ուսանելի է այս օրերուն մեզի համար։ Յուսալքութեան եւ անզօրութեան զգացումին յաղթահարելու ելքեր պէտք է գտնել։ Դժբախտաբար հայ քաղաքական հորիզոնին վրայ չեն երեւիր կերպարներ, որոնք կրնան հաւատք եւ յոյս ներշնչել հայ զանգուածներուն եւ միաւորել հայութիւնը յաղթանակի գաղափարին շուրջ։ Այս իմաստով, անցեալ Փետրուար 24ին, Ֆրանսայի մէջ, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի հերոսներէն՝ բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի վերայուղարկաւորումը ֆրանսական Պանթէոն, միաւորեց հայութիւնը։ Որովհետեւ հայ մարդը Մանուշեան հերոսին մէջ սկսաւ տեսնել յոյսի նշոյլ եւ յաղթանակելու կամքն ու ոգին։ Այս ուղեցոյց պէտք է հանդիսանայ հայ քաղաքական վերնախաւին, ոգեշնչելու հայութիւնը եւ զայն դուրս բերելու յուսահատութեան եւ անոր հետեւանքով անտարբերութեան հոգեվիճակէն։
Հայաստանի մէջ կան անհատներ եւ փոքր խմբաւորումներ, որոնք իրապաշտօրէն կը խօսին այս մասին եւ լուծումներ ունին, որոնք կրնան մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար նոր ճամբայ բանալ։ Դժբախտաբար նման անհատներ եւ խմբաւորումներ, որոնք առողջ բանականութեամբ հարցերը կը բարձրացնեն, կա՛մ ամէնէն գռեհիկ կերպով կը պիտակաւորուին (այս ալ ժողովուրդը պարտութեան հետ հաշտուած պահելու քաղաքականութեան մէկ երեսն է) եւ կամ կը լուսանցքայնացուին։ Հայաստանի իշխանութիւնները լրատուական շրջափակման մէջ կը պահեն զանոնք, իսկ քաղաքական ուժերը կը փորձեն որակումներ տալով զանոնք վանել հասարակութենէն։
Հայ ժողովուրդի ներկայի հոգեվիճակը ձեռնտու է միմիայն մեր թշնամիներուն։ Յուսալքութեան այս մթնոլորտին մէջ անհնար պիտի ըլլայ նոյնիսկ ներկայ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնը։ Հայ իրականութեան մէջ այսօր իւրաքանչիւրիս պարտականութիւն պէտք է ըլլայ աշխատիլ հայ հասարակութեան մէջ յոյս տածել եւ դիմադրողականութեան ոգին զարթնեցնել։