Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 7էն 8 Մարտին պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ` քննարկելու համար Կազայի եւ Ուքրանիոյ պատերազմները եւ թուրք-ամերիկեան զինուորական եւ ուժանիւթային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ Ֆիտան հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ, բանակցութիւններ պիտի վարէ նաեւ Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, կը յայտնէ, որ Ֆիտան-Պլինքըն հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին ռուս-ուքրանական պատերազմը, Միջին Արեւելքը, սուրիական ճգնաժամը, Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի կացութիւնը: