Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամըլա Հերիս Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ հանդիպումին ընթացքին Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան նկատմամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց:
Ըստ Հերիսի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Հերիս Իսրայէլը յորդորեց Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտքը արտօնել: Ան նաեւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին կոչ ուղղեց՝ ժամանակաւոր զինադուլի մը համար «սեղանի վրայ դրուած պայմանները ընդունելու»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի Մէջ, նախքան Քաթարի վարչապետ շէյխ Մուհամմատ պըն Ապտելռահման Թանիի հետ հանդիպումը յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ պատերազմին մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման յարմար առիթ մը կայ: Ան Իսրայէլը յորդորեց «բոլոր միջոցները» օգտագործելու` Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու համար:
Պլինքըն նշեց, որ խիտ բնակեցուած Կազայի մէջ ներկայ կացութիւնը անընդունելի է եւ չի կրնար շարունակուիլ:
Կարգ մը աղբիւրներ սպանական «Ի.Էֆ.Ի.» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իսրայէլ եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման մասին նոր համաձայնագիրի մը հիմնական կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Ըստ նշեալ գործակալութեան տուեալներուն` կողմերը համաձայնած են 40 օր ժամկէտով զինադադար հաստատել: Այս ընթացքին, 40 իսրայէլացի գերիներ, ներառեալ՝ 60ը անց կիներ, մանուկներ եւ տղամարդիկ, պէտք է ազատ արձակուին, իսրայէլեան բանտերէն 404 պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակման դիմաց:
Սակայն, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ըստ իսրայէլացի պաշտօնատարներու գնահատումին, անոնք նախքան Ռամատան ամիսը, Կազայի մէջ «Համաս»ի հետ գործարքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը դժուար կը նկատեն: Անոնք նշած են, որ մինչեւ հիմա համաձայնութիւն գոյացնելու ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չկայ, եւ Կազայի մէջ «Համաս»ի ղեկավար Եահիա Սնուար համաձայնութեամբ չէ հետաքրքրուած, հակառակ ամերիկացի, քաթարցի եւ եգիպտացի միջնորդներու լաւատեսական կարծիքին, թէ «Համաս»ը համաձայնութիւն կ՛ուզէ: